image

Երեւանի Հալաբեան փողոցին վրայ նորածին լքուած երեխայ

Երեւանի Հալաբեան փողոցին վրայ նորածին լքուած երեխայ

Օգոստոս 10-ին՝ ժամը 20.43-ին, Ներքին գործոց նախարարութեան արագ արձագանգման կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Հալաբեան փողոցի 13 շէնքի մօտ շորի մէջ փաթաթուած նորածին երեխայ կայ։

Ահազանգը փոխանցուած է ՆԳՆ քրէական եւ համայնքային ոստիկաններուն ու շտապօգնութեան ծառայութեան։

Ոստիկաններու գործողութիւններու շնորհիւ նորածինն արագ տեղափոխուած է բժշկական կեդրոն։

Այս պահուն անոր վիճակը կը գնահատուի բաւարար։

ՆԳՆ ոստիկանութիւնը կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցառումները բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ։