image

Թրամփը գաղտնի դուրս բերած են Թուրքիայէն՝ իրանական սպառնալիքի պատճառով. The Washington Post

Թրամփը գաղտնի դուրս բերած են Թուրքիայէն՝ իրանական սպառնալիքի պատճառով. The Washington Post

Անգարայի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի աւարտին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեսախցիկներուն առջեւ բարձրացած է հին «Air Force One» օդանաւի խցիկ, սակայն այդ կատարուած է միայն տեսարանի համար, մինչդեռ քուլիսներու ետին ամէն ինչ բոլորովին այլ կերպ ընթացած է։ Այս մասին կը գրէ The Washington Post-ը։

Ըստ պարբերականի տուեալներուն՝ նախագահը գաղտնաբար դուրս բերուած է օդանաւի սնունդի սպասարկման բաժինէն, օդակայանին մէջ տեղափոխուած է սնունդ առաքող սովորական բեռնատարով եւ նստեցուած է ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու աւելի փոքր՝ «Boeing C-32A» օդանաւը։

Այս թռիչքով Թրամփ մեկնած է բրիտանական ռազմակայան, մինչդեռ լրագրողներով եւ Սպիտակ տան աշխատակիցներու մէկ մասով հիմնական օդանաւը շարունակած է թռիչքը՝ որպէս շեղող հանգամանք։

Նման գաղտնի գործողութեան պատճառ դարձած են Իրանի կողմէ հնարաւոր սպառնալիքի առնչութեամբ լուրջ մտահոգութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, խօսքը ոչ թէ այս թռիչքին ուղղուած հաստատուած մահափորձի, այլ վտանգի բարձրացած մակարդակի եւ նախագահին անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ միջոցառումներու մասին է։