Սփիւռքահայ մամուլի ծաղկաքաղ
Ժամանակ (26/2/2025)
***Շարժումները անկեղծ կ’ըլլային, երբ ան վերահսկողութիւն չ’ունենար անոնց վրայ:
---Շարժումները անկեղծ կ’ըլլային, երբ ան վերահսկողութիւն չունենար անոնց վրայ:
***Կը կարծեմ, որ պիտի սիրեմ քեզ:
---Կը կարծեմ, թէ պիտի սիրեմ քեզ:
***Չկրցաւ ստիպել անոր:
---Չկրցաւ ստիպել զայն:
***Երբ Խայյամի քառեակներէն առաջին քառեակը հասկցայ...:
---Երբ Խայյամի քառեակներէն առաջինը հասկցայ
***Աւելի լաւ է քան այն մարդէն, որ երբեք չի՛ զգար:
---Աւելի լաւ է քան այն մարդը, որ երբեք չի՛ զգար
***Տարօրինակ չէ ոմանց ունեցած լաւատես զգացումները:
---Տարօրինակ չեն ոմանց ունեցած լաւատես զգացումները:
Հայրենիք (27/2/2025)
***հաշուըուած
---հաշւուած
***Եւրոպական միութիւն
---Եւրոպական Միութիւն
***Դեգերումներ տիրոջ Այգիին մէջ
---Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ
***փոխ նախարար/փոխնախարար, փոխ նախագահ, 56րդ
---փոխնախարար, փոխնախագահ, 56-րդ
***Պատասխանը դրակա՞ն է թէ ոչ:
---Պատասխանը դրակա՞ն է, թէ՞ ոչ:
***գեր-զգայուն
---գերզգայուն
Հորիզոն (7/3/2025)
***Կրնայ իմաստաւորել որեւէ ժողովի մը աւարտը:
---Կրնայ իմաստաւորել որեւէ ժողովի մը աւարտը:
***Կեցութիւնը անպայմանօրէն պիտի ունենայ... հեռանկար ու նպատակ:
---Կեցութիւնը անպայման պիտի ունենայ... հեռանկար ու նպատակ:
***Հաւաքական կեցութիւնը եւ իրաւունքի հետապնդումը միայն մէկ մասնիկ են ազատագրման սեւեռակէտին:
---Հաւաքական կեցութիւնը եւ իրաւունքի հետապնդումը միայն մէկ մաս-նիկն են ազատագրման սեւեռակէտին:
***Կեղծ դատավարութիւնը, լոկ անձերու նկատմամբ ի գործ դրուած ոտնա-կոխում չէ:
Կեղծ դատավարութիւնը լոկ անձերու նկատմամբ ի գործ դրուած ոտնա-կոխում չէ:
***Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ ընտրութիւնները հեզասահ ընթանալու մաղթանքով:
---Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ օրերու ընտրութիւննե-րուն՝ հեզասահ ընթացքի մաղթանքով:
---Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ ընտրութիւննրուն՝ հեզասահ ընթացք մաղթելով անոնց:
***Ամրապնդել Սփիւռքի ոչ-ինքնանպատակ ռազմավարական նշանակութիւնն ու ներուժը:
---Այս նոյն առիթով շնորհաւորենք «Հորիզոն»-ը ոչ-ինքնանպատակ բառի
ճիշդ՝ միութեան գծիկով գրելուն համար:
Ազատ օր (12/3/2025
***Պայրամով յայտնեց Ղազախստանին՝ բանակցութիւններուն համար հարթակ տրամադրելուն համար:
---Պայրամով յայտնեց Ղազախստանին՝ բանակցութիւններուն հարթակ տրամադրելուն համար:
***Երեւան բազմաթիւ անգամներ յայտարարեց:
---Երեւան բազմիցս յայտարարեց:
***Հայաստան 1200 անյայտ կորսուածներու հարցը կը բարձրացնէ:
---Հայաստան 1200 անհետ կորսուածներու հարցը կը բարձրացնէ:
***«Արեւմտեան Ատրպէյճան» պատումը հայերու ցեղային զտումները արդարացնելու նպատակը կը հետապնդեն:
---պատումը...կը հետապնդէ:
***Ատրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ Ռուսիոյ ճնշումներուն ազդեցութեան տակ։
---Ատրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ Ռուսիոյ ճնշումով:
«Մարմարա» (14/3/2025)
***առընչակից ---առնչակից
***Կը զբաղի հայերէն տպագիր ժառանգութեան հետազօտութեամբ եւ անոնց պատմութեան ուսումնասիրութեամբ:
---Կը զբաղի հայերէն տպագիր ժառանգութեան հետազօտութեամբ եւ անոր պատմութեան ուսումնասիրութեամբ:
***Կը ներկայացնեն Գրիգոր Լուսաւորիչը որպէս... մշակութային երկխօ-սութեան վկաներ:
Զարմանալի է. մէկ անձը ինչպէ՞ս վկաներ կրնայ ներկայացուիլ:
---Կը ներկայացնեն Գրիգոր Լուսաւորիչը որպէս... երկխօսութեան վկայ:
***Պատերազմի հետեւանքով Հայաստան եւս հողեր կորսնցուց 2021-ին եւ 2022-ին (27/9/2025):
---Պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հողեր կորսնցուց 2021-ին եւ 2022-ին եւս:
Մրցոյթ 47.
***Անփոյթ լրագրող մը Էրտողանի բերնին մէջ դրած է հետեւեալ լուրը.
Դուն ինչպէ՞ս պիտի գրէիր զայն՝ առանց որեւէ բառ փոխելու:
---Մենք այնուհետեւ պարոն Թրամփի հետ մասնաւոր կարգով քննարկել ենք իրավիճակը Գազայում:
***Ինչպէ՞ս կրնաս դարմանել հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Բրիտանական առաջարկը կը կեդրոնանայ մէկ կէտի վրայ՝ Հըզպալլա կոչուած տագնապի լուծման վրայ («Ազդակ», 9/10/2025, էջ 8):
***Երեք բառով ըսէ հետեւեալին ընդգծուած մասը.
---Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը ստացողներէն ոմանք իմ իրագործածէս շատ քիչ բան իրագործեցին ինձմէ նուազ իրագործեցին(«Ազդակ», 11/10/2025, էջ 1):
***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.
---Հետապնդումներուն իբրեւ արդիւնք շնորհիւ՝ դրամատան դէմ 25 միլիոն տոլարի տուգանք սահմանուած էր՝ վնասուց հատուցումներ ապահովելու համար հայերուն («Ազսպարէզ», 18/10/2025):
***Ինչպէ՞ս կը սրբագրես հետեւեալ սխալ կառոյցը.
---Նախաձեռնուած քրէական վարոյթի ծիրէն ներս ութ անձերու, ներառյալ՝ քաղաքապետի նկատմամբ, յարուցուած են քրէական հետապնդումներ («Առաջին լրատուական»):
---Նախաձեռնուած քրէական վարոյթի ծիրէն ներս յարուցուցած են քրէա-կան հետապնդումներ ութ անձերու նկատմամբ, ներառեալ քաղաքապետը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Միրնա Սիւլիւքճեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (7), Համբարձում Յարթունեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7):
Մրցոյթ 48.
***Ինչպէ՞ս ըսել հետեւեալը արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ.
---Ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Ուքրանիան պատրաստ են խաղաղութեան համա-ձայնագիր ստորագրելուն («Ազդակ», 18/10/2025, էջ 1):
***Հետեւեալներուն մէջ մէկական բառ տեղափոխութեան կը կարօտի.
---Կաշառք ստանալու համար մեղադրուող Գիւմրիի քաղաքապետը կալա-նաւորուեցաւ («Ազդակ», 22/10/2025, էջ 1):
---Ընտանիքները պահանջած են իմանալ իրենց զաւակներուն ճակատա-գիրը եւ անոնց կալանաւորման վայրը ճշդել («Ազդակ», 22/10/2025, էջ 2):
***Կայ սխալ կիրարկուած բառ մը, որ պէտք է փոխարինուի ուրիշով:
---Յուշագիրը ներկայացուց գերիներուն ենթարկուած ֆիզիքական չարչա-րանքները («Ազդակ», 22/10/2025, էջ 2):
***Քու ճաշակովդ գրէ հետեւեալը.
---Իսրայէլացի թշնամիէն եկող որեւէ մարտահրաւէր բոլոր լիբանան-ցիներուն ուղղուած մարտահրաւէր է («Ազդակ», 14/8/2025, էջ 8):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com