Գարեգին Բ կաթողիկոսին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներուն վերաբերող քրէական գործը մակագրուած է Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեանին։
Այս մասին կը տեղեկանանլ «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգէն։
Դատաւորի փոփոխութիւնը տեղի ունեցած է այն բանէ ետք, երբ գործը նախապէս քննող դատաւոր Յակոբ Մանուկեան Օգոստոս 7-ին ինքնաբացարկ յայտնած էր։