Հայաստանը մինչեւ 2026-ի Դեկտեմբեր պէտք է որոշում կայացնէ Եւրոպական միութեան միանալու կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամակցութիւնը պահպանելու վերաբերեալ համազգային հանրաքուէ կայացնելու հարցով։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզինը։
Կալուզին ճշդած է, որ իր նշած ժամկէտը պայմանաւորուած է անով, որ այդ ժամանակ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի Երեւանի նկատմամբ հնարաւոր հետագայ քայլերու հարցը։
«Ակնյայտ է, որ եթէ մինչ այդ պահը հանրաքուէի կոչը չլսուի, ղեկավարները այդ փաստը հաշուի պիտի առնեն համապատասխան հետագայ համատեղ քայլերը որոշելու ժամանակ», նշած է ան։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յիշեցուցած է, որ Մայիս 29-ին Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի նախագահներու՝ Հայաստանի եւրոպական ձգտումներու վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է երկրին մէջ ԵՄ-ին անդամակցելու կամ ԵԱՏՄ-ի կազմին մէջ մնալու հարցով համազգային հանրաքուէ կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ կայացնելու անհրաժեշտութեան մասին՝ առանց որոշակի թուական նշելու։
«Միեւնոյն ժամանակ, արդէն իսկ նշուած է, որ այս հարցը կրկին պիտի քննարկուի Բարձրագոյն եւրասիական տնտեսական խորհուրդի Դեկտեմբերեան նիստի ընթացքին, երբ պետութիւններու ղեկավարներուն պէտք է ներկայացուի զեկոյց՝ Հայաստանի նկատմամբ 2014-ի Մայիս 29-ի ԵԱՏՄ պայմանագրի գործողութիւնը կասեցնելու հնարաւոր հետեւանքներու մասին», ըսած է Կալուզին։
Օգոստոս 7-ին Ղրղզստանի մէջ ընթացող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ անարգալից է ժողովուրդը ընտրութեան առջեւ կանգնեցնել, երբ ընտրութիւններէն մէկը գոյութիւն չունի։
Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեան ընդգծած էր, որ անկարելի է ԵՄ-ին անդամակցելու հարցը Հայաստանի քաղաքացիներու որոշման յանձնել՝ առանց նախնական կառուցակարգային աշխատանքի։ Ան պարզաբանած էր, որ նախ պէտք է Եւրոպական միութեան դիմել անդամակցութեան պաշտօնական յայտով, ապա ստանալ անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ, եւ առանց այս փուլերուն հանրաքուէի կայացումը պիտի ըլլայ անբովանդակ։