Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարըհ Դամասկոսի Ժողովրդական պալատին մէջ ընդունած է քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»ու ղեկավար Մազլում Ապտին։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական SANA գործակալութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Յունուար 29-ին «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր»ու հետ կնքուած համաձայնագրին գործադրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններու մէջ համարկման գործընթացին ընթացքը։
Յունուարին ստորագրուած համաձայնագիրը վերջ դրած է սուրիական կառավարական ուժերու եւ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» միջեւ տեղի ունեցած մարտերուն։
Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, որ անվտանգութեան, ռազմական եւ վարչական հաստատութիւններու վերաբերող կէտերու մեծ մասը վերջնականապէս համաձայնեցուած է, մինչ որոշ հարցեր տակաւին կը պահանջեն երկու կողմերուն միջեւ հետագայ երկխօսութիւն եւ բանակցութիւններ։