Օգոստոս 11-ին Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ուքրանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անտրիյ Սիպիհայի հետ, յայտնած են Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վերանշանակուելու առթիւ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի հարցեր:
Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային իրավիճակի եւ վերջին զարգացումներու վերաբերեալ։