Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք ՝
Պէյրութը միայն իմ գաղթական նախնիները ընդունող քաղաք մը չէր։ Ան երկար տարիներ արեւմտահայութեան բաբախող սիրտն էր, ուր հայկական ձեռքն ու միտքը իրենց անջնջելի դրոշմը ձգեցին մշակոյթի, արուեստի եւ արհեստի աշխարհին մէջ։ Այդ լուսաւոր անուններէն մէկն էր Տիգրան Նաճարեան՝ Պէյրութի ամենաճանաչուած հայ արհեստաւորներէն, որ իր կեանքը նուիրեց արեւելեան երաժշտական գործիքներու պատրաստութեան։
Նաճարեան տասնամեակներ շարունակ մասնագիտացած էր ուտի եւ քանունի պատրաստութեան ու նորոգութեան մէջ։ Պասթայի իր համեստ արհեստանոցը վերածուած էր երաժիշտներու եւ արուեստասէրներու հանդիպավայրի, ուր Լիբանանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներէ երաժիշտներ կը հասնէին՝ իրենց վստահելով անոր հմուտ ձեռքերուն։
1971-ին «Associated Press/Keystone»-ի լուսանկարիչ մը անմահացուց զինք իր արհեստանոցին մէջ։ Լուսանկարը այսօր պարզապէս վարպետի մը դիմանկարը չէ, այլ վկայութիւն մը այն օրերուն, երբ Պէյրութը արաբական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաքներէն մէկն էր, իսկ լիբանանահայ արհեստաւորները կարեւոր դեր կը խաղային շրջանի երաժշտական ու մշակութային կեանքին մէջ։
Տիգրան Նաճարեանի ստեղծած աւանդը չընդհատուեցաւ։ Անոր թոռը՝ Վիգէն Նաճարեան, Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք շարունակեց ուտաշինութեան արուեստը եւ միջազգային ճանաչում ձեռք բերեց՝ պահպանելով ու զարգացնելով ընտանիքին բազմամեայ արհեստագիտական ժառանգութիւնը։
Տիգրան Նաճարեանի պատմութիւնը կը յիշեցնէ, թէ Պէյրութահայութիւնը միայն առեւտուրով կամ կրթութեամբ չէ, որ իր հետքը ձգած է, այլ նաեւ իր «ոսկէ ձեռքերով»՝ ստեղծելով մշակութային արժէքներ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն հնչել աշխարհի տարբեր բեմերուն։
