image

Մոնթրէալ. Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի այցը՝ Լիբանանի նորանշանակ դեսպանին

Մոնթրէալ. Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի այցը՝ Լիբանանի նորանշանակ դեսպանին

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, օրերս, շնորհաւորական այցելութիւն տուած է Լիբանանի Հանրապետութեան նորանշանակ Դեսպան՝ Նորին Վսեմութիւն Պաշիր Թաուքին եւ յաջողութիւն մաղթած իր ստանձնած բարձր ու պատասխանատու առաքելութեան մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 23 Յունուար 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նորանշանակ Դեսպանին՝ Նորին Վսեմութիւն Պաշիր Թաուքին։

Հանդիպման ներկայ էին՝ Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Գրիգոր Փոսթաճեան, Գալկըրիի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Էլի Ղանիմէ եւ Վանգուվըրի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Նիք Գահուաժի։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորանշանակ Դեսպանին իր նշանակման առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած բարձր ու պատասխանատու առաքելութեան մէջ։ Ան ընդգծեց, թէ Լիբանանը միշտ առանձնայատուկ տեղ մը ունեցած է հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, իսկ Լիբանանահայ համայնքը իր անջնջելի ներդրումը ունեցած է երկրի կրթական, մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիււն յայտնեց Դեսպանին, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գանատա այցելութեան ընթացքին կատարեցին կարգ մը կարգադրութիւններ։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան Գահակալութեան 30-ամեակին առիթով հրատարակուած գաթալոկէն օրինակ մը նուիրեց նորանշանակ Դեսպանին։

Նորին Վսեմութիւն Պաշիր Թաուք բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր այցելութեան համար։ 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուող կարեւոր հարցեր, երկրի քաղաքական ու տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան եւ խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։ 

Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման կարեւորութիւնը, մանաւանդ Լիբանանահայութեան շարունակական դերակատարութիւնը երկրի հանրային կեանքին մէջ եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման ճիգերուն մէջ։

Յատուկ անդրադարձ եղաւ նաեւ հայ ժողովուրդի ներկայութեան եւ գործուն մասնակցութեան Գանատայի մէջ՝ ընդգծելով համայնքին դրական ներդրումը բազմամշակութային հասարակութեան մէջ։