Լիբանանի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Տիար Սարմէն Բաղդասարեան իր տիկնոջ ընկերակցութեամբ, օրերս այցելած է ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնատեղի։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան, Սարմէն Բաղդասարեան, Տիկ. Բաղդասարեանի հետ, այցելելեց ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի 5 Փետ. 2026ին, Միութեան Կեդրոնատեղիի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Վեր. Նշան Պագալեան, ՄԱՀԱԵՄի Եկեղեցական Յարաբերոթիւններու Համակարգող։
Նորանշանակ դեսպանին Հայ Աւետ. Համայնքին անդրանիկ այցելութիւնը ըլլալով, զրոյցի միջոցով գլխաւորաբար ծանօթացում եղաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու եւ անոր ծառայութիւններու, ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ ուր որ ՄԱՀԱԵՄի եկեղեցիները եւ հաստատութիւնները կը գործեն։ Դեսպանը իր կողմէն գնահատանք եւ լաւագոյն մաղթանքներ յայտնեց Վեր. Հայտօսթեանի եւ Միութեան, ինչպէս նաեւ բարեյաջող վերելք ամբողջ լիբանանահայութեան։ Իր կարգին Վեր. Հայտօսթեան արդիւնաւէտ ծառայութիւն մաղթեց Պրն. Բաղդասարեանի՝ այս անհրաժեշտ պաշտօնին մէջ։
