Միացեալ Նահանգները չէր ուզեր Չինաստանի հետ տնտեսական կամ ռազմական հակամարտութեան մէջ մտնել, քանի որ այդ մէկը աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենար երկու երկիրներուն եւ ամբողջ աշխարհի համար։ Այս մասին յայտարարած է Ա․Մ․Ն․ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
«Ա․Մ․Ն․-ի եւ Չինաստանի միջեւ որեւէ հակամարտութիւն՝ ըլլայ այն տնտեսական, թէ, Աստուած մի՛ արասցէ, ռազմական, աղէտալի պիտի ըլլար երկու երկիրներուն եւ ամբողջ աշխարհի համար»,– ըսած է ան՝ Fox News հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Ռուպիոն աւելցուցած է, որ Ուաշինկթընի համար անհրաժեշտ է յաղթահարել նման իրավիճակ մը՝ միաժամանակ չհրաժարելով սեփական շահերէն։
«Ահա՛ ասիկա է արտաքին քաղաքականութեան բարդութիւնը. իւրաքանչիւր վարչակազմ պարտաւոր է հաւասարակշռութիւն գտնել այս երկու հակադիր ուժերուն միջեւ»,– եզրափակած է ան։