image

Պատերազմը կանխելու համար գնդակն այժմ ԱՄՆ-ի դաշտն է. Ղալիպաֆ

Պատերազմը կանխելու համար գնդակն այժմ ԱՄՆ-ի դաշտն է. Ղալիպաֆ

Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարած է, որ Թեհրան Ուաշինկթընին յստակ եւ հիմնաւորուած պատասխան փոխանցած է, եւ այժմ պատերազմը կանխելու քայլերը կախուած են ԱՄՆ-էն։

Ըստ Իրանի կիսապաշտօնական Tasnim գործակալութեան՝ Ղալիպաֆ նշած է, որ երկիրը պատրաստ է պատերազմի՝ «մատը ձգանին պահած»։ Ան նախազգուշացուցած է, որ Ուաշինկթընի ցանկացած ռազմավարական սխալ կրնայ յանգեցնել ամերիկեան զօրքերու համար նոր ռազմաճակատի բացման։