image

Քալըն-Նուլանտ քննարկում.Խօսած են նաեւ Հայաստանի մասին

Քալըն-Նուլանտ քննարկում.Խօսած են նաեւ Հայաստանի մասին

Թուրքիոյ նախագահի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալին եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ քննարկած են համաշխարհային օրակարգի շարք մը հարցեր: Անոնց շաքին են Սուրիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Իսրայէլը, ուժանիւթային անվտանգութիւնը, պաշտպանական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ Մարտ 29-ին Սթամպուլի մէջ ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները «դրական ազդակ» հաղորդած են խաղաղութեան ջանքերուն, ընդ որում Թուրքիան «կարեւոր դեր» կը խաղայ «Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու» ջանքերուն մէջ:

Քալինը նշած է, որ Թուրքիան վճռականօրէն պիտի շարունակէ զինադադարի եւ մարդասիրական միջանցքներու բացման դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները:

Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուած է նաեւ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յայտարարուած ռազմավարական մեխանիզմի իրագործման կապակցութեամբ` յայտարարելով, որ այդ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ: