Մեր ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօն իրականացնող Տէր Հայրը աւելի վաղ եղած էր Պոլսոյ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի գաւազանակիրը, ան նաեւ կրօնական ժողովի անդամ է, ինչպէս նաեւ Պատրիարք հօր վստահելի միաբաններէն մին։
Օրերս Պոլսոյ մէջ բաւական լուրջ վիրահատութեան ենթարկուած է համայնքի սիրուած քահանայ հայրերէն՝ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեանը։
Տէր Հայրը, որ վերջին ամիսներուն ունեցած է առողջական խնդիրներ դիմած էր բժիշկներու խորհուրդին, որմէ ետք ալ անոնց խորհուրդով անցած է երիկամային լուացման (տիալիզի) փուլին։
Աւելի ուշ դարձեալ առողջապահական մարմիններու խորհուրով Տէր Շիրվանին առաջարկուած է արագօրէն անցնիլ երիկամային պատուաստումի վիրաբուժութեան, որ տեղի ունեցած է անցնող շաբաթ օրուան ընթացքին ու պսակուած լիակատար յաջողութեամբ։
«Արեւելք»ի հարթակով ամբողջական եւ արագ ապաքինում կը մաղթենք Տէր Շիրվանին, վստահ ըլլալով, որ ան շուտով պիտի վերադառնայ իր ճգնագին հոգեւոր ծառայութեան։
Մեր ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօն իրականացնող Տէր Հայրը աւելի վաղ եղած էր Պոլսոյ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի գաւազանակիրը, ան նաեւ կրօնական ժողովի անդամ է, ինչպէս նաեւ Պատրիարք հօր վստահելի միաբաններէն մին։
Լուսանկարը՝ Տէր Հայրն ու Երէցկին Նարօտը նախքան վիրաբուժութեան համար հիւանդանոց մուտք գործելը։