image

Պոլսահայ համայնքը կը կորսնցնէ իր սիրուած դէմքերէն՝ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլուն

Պոլսահայ համայնքը կը կորսնցնէ իր սիրուած դէմքերէն՝ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլուն

Պոլսոյ նեղլիկ փողոցներուն մէջ կամ դէպի կղզիներ մեկնող շոգենաւերուն մէջ զինք ճանչցողները տակաւին կը պատմեն, թէ Իսքէնտէր ախպարիկը քանի՜ անգամներ զրոյցի կը բռնուէր իր շուրջը գտնուողներուն հետ, կը ծանօթանար անոնց, կը կիսուէր անոնց հետ եւ նոյնիսկ թէյ ու սուրճ կը հիւրասիրէր։

Առաջին հայեացքով փոքրիկ մանրամասնութիւն մը կրնայ թուիլ այս, սակայն այդ պարզ արարքին մէջ կը դրսեւորուի մարդուն իսկական նկարագիրը։ Էականը ոչ թէ թէյը կամ սուրճն էր, այլ այն վերաբերմունքը, որ օտարը կը դարձնէր ծանօթ, զրոյցը՝ ընկերակցութիւն, իսկ երկար ճանապարհը՝ կարճ։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Պոլսոյ հայ համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլուն։ Անոր անակնկալ մահը խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքը, հարազատները, բարեկամներն ու զինք ճանչցողներու լայն շրջանակը։

Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու այն պարզ ու ժողովրդային անձնաւորութիւններէն էր, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ մարդկային վերաբերմունքով կ'արժեւորեն համայնքային կեանքը։ Ան մեծին հետ մեծ էր, փոքրին հետ՝ փոքր, եւ այս պարզ բնաւորութիւնն էր, որ զինք սիրելի կը դարձնէր իրեն շրջապատողներուն։

Պոլսոյ նեղլիկ փողոցներուն մէջ կամ դէպի կղզիներ մեկնող շոգենաւերուն մէջ զինք ճանչցողները տակաւին կը պատմեն, թէ Իսքէնտէր ախպարիկը քանի՜ անգամներ զրոյցի կը բռնուէր իր շուրջը գտնուողներուն հետ, կը ծանօթանար անոնց, կը կիսուէր անոնց հետ եւ նոյնիսկ թէյ ու սուրճ կը հիւրասիրէր։

Առաջին հայեացքով փոքրիկ մանրամասնութիւն մը կրնայ թուիլ այս, սակայն այդ պարզ արարքին մէջ կը դրսեւորուի մարդուն իսկական նկարագիրը։ Էականը ոչ թէ թէյը կամ սուրճն էր, այլ այն վերաբերմունքը, որ օտարը կը դարձնէր ծանօթ, զրոյցը՝ ընկերակցութիւն, իսկ երկար ճանապարհը՝ կարճ։

Համայնքային կեանքի նուիրեալ գործիչը

Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեան մէջ իր հետքը թողած անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան մաս կազմած է Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդներուն։

Այս պատասխանատուութիւններուն մէջ ան միշտ աչքի ինկած է իր համերաշխ նկարագրով, նպատակասլաց աշխատանքով եւ համայնքային հաստատութիւններուն հանդէպ ունեցած նուիրումով։ Իր համար համայնքային ծառայութիւնը պաշտօնական պարտականութիւն մը չէր միայն, այլ՝ կեանքի բնական շարունակութիւնը։ Ան պատրաստ էր ժամանակ, աշխատանք եւ զոհողութիւն տրամադրելու, որպէսզի իրեն վստահուած հաստատութիւնները ապրին, գործեն եւ զարգանան։

Ընտանեկան կեանքին մէջ եւս Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու եղած է օրինակելի հայր մը։ Ան ունէր երկու զաւակ։ Մասնագիտական կեանքին մէջ զբաղած էր առեւտուրով եւ յատկապէս հողաթափերու ու մուճակներու արտադրութեամբ, այդ բնագաւառին մէջ ձեռք ձգելով բարի համբաւ։

Վերջին տարիներուն, թէեւ հանգստեան կոչուած էր, ան շարունակած էր մնալ իր ընկերային շրջանակին կեդրոնը՝ արժանանալով շրջապատին յարգանքին, սիրոյն եւ համակրանքին։

Անակնկալ կորուստ մը

Դժբախտաբար, շաբաթավերջին անակնկալօրէն վատթարացած է անոր առողջական վիճակը եւ Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլու առնուած է մասնագիտական խտացեալ խնամքի տակ։ Սակայն բժիշկներու եւ մասնագէտներու բոլոր ջանքերը մնացած են ապարդիւն, եւ ան փակած է իր աչքերը՝ իր ետին ձգելով խոր վիշտ մը։

Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլուի մահը կորուստ մըն է ոչ միայն իր ընտանիքին եւ հարազատներուն, այլ նաեւ այն համայնքային միջավայրին համար, որուն մէջ ան տարիներ շարունակ ապրած, ծառայած եւ իր մարդկային ջերմութիւնը բաժնած էր։

Այս տխուր առիթով «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ անոր յիշատակը սրտի մէջ կրողներուն։ Մեր մասնաւոր ցաւակցութիւնները կը յղենք նաեւ Պոլսահայ մեր վաղեմի ընկեր՝ Տիար Արի Թաշին եւ անոր ազնիւ ընտանիքին։

Իսքէնտէր Ռիւստեմօղլուի նման մարդիկ կ'անցնին կեանքէն, բայց իրենց թողած մարդկային ջերմութիւնը, բարութիւնը եւ պարզ յիշատակները կը շարունակեն ապրիլ իրենց ճանչցողներուն սրտերուն մէջ։