«Քիեւ» օդակայանէն ուքրանական նոր Bees Airline օդանաւային ընկերութիւնը թռիչքներ պիտի իրականացնէ դէպի Թիֆլիս, Պաթումի եւ Երեւան, Օտեսայէն Երեւան, կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը:
Bees Airline-ը սկսած է Քիեւէն եւ Օտեսայէն առաջին 4 մշտական երթուղիներէն օդանաւային տոմսերու վաճառքները:
Քիեւ-Թիֆլիսի չուերթը պիտի մեկնարկի 30 ապրիլէն՝ շաբաթական երկու անգամ՝ մինչեւ յունիսը շաբաթական երեք անգամ աւելացմամբ:
Քիեւէն Պաթումի չուերթները ընկերութիւնը պիտի սկսի 9 յունիսէն՝ շաբաթական 4 անգամ:
Քիեւ-Երեւան չուերթները նախատեսուած են 3 մայիսէն՝ շաբաթական երկու անգամ:
Օտեսայէն Երեւան չուերթներ պիտի սկսին 14 յունիսէն շաբաթական երկու անգամ: