Նշենք, որ Ուասուֆ վերջին ամիսներուն հոգեկան մեծ ցնցումներէ անցաւ ու ատոր հիմնական պատճառը անոր աւագ որդւոյն՝ Ուատիհի կորուստն էր։
Բնիկ Սուրիացի հանրայայտ երգիչ Ժորժ Ուասուֆ հերքած է իր մասին շրջան ընող բոլոր խօսակցութիւնները, որոնք կը նշէին, թէ ան տրամադրուած է լքելու երգարուեստը։
Ուասուֆ այս մասին խօսած է արաբական SBC կայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Պատասխանելով լրագրող Ալի Ղըլյանիի հարցումներուն Ուասուֆ մասնաւորապէս ըսած է՝ «Այնքան ատեն, որ մէջս շունչ մը փչէ ես պիտի երգեմ։ Եթէ իմ երգը ուրախութիւն կը պատճառէ մեր ժողովուրդին, ես պիտի շարունակեմ այդ ուղին ու պիտի երգեմ»։
Նշենք, որ Ուասուֆ վերջին ամիսներուն հոգեկան մեծ ցնցումներէ անցաւ ու ատոր հիմնական պատճառը անոր աւագ որդւոյն՝ Ուատիհի կորուստն էր։
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ ծնունդ առած Ուասուֆ այսօրուայ դրութեամբ կը համարուի արաբական աշխարհի ամէնասիրուած երգիչներէն մին ու անոր ունակութիւններուն համար զինք կոչած են՝ «Երգարուեստի սուլթան»։
#مراحل_جورج_وسوف | أبو وديع في #تحدي_العطاء: "لن أعتزل ما دمت قادر على الغناء"@wassouf @Ali_Alalyani
— مراحل مع علي العلياني (@stvMarahel) March 30, 2023
#قناة_SBC
#رمضان_عندنا pic.twitter.com/St1AGP91fr