Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Պէյրութի մէջ զոհերուն թիւը անցած է 300-ը, իսկ վիրաւորներունը՝ 800-ը, սակայն այս թիւերը դեռ վերջնական չեն։
Մինչ ԱՄՆ-ն եւ Իրանը կը պատրաստուին բանակցութիւններու, Լիբանանը ծանր գին կը վճարէ՝ ունենալով հսկայական մարդկային կորուստներ եւ նիւթական մեծ վնասներ։
«Արեւելք»,-(Պէյրութ) Պէյրութահայ մեր հայրենակիցը, որ ժամեր առաջ գտնուած է իսրայէլեան հարուածներու ենթակայ դարձած թաղամասի մը մէջ, տեսանիւթով փորձած է ներկայացնել իրավիճակը։
Ան տեսանիւթը հասցէագրած է իր ընկերոջը՝ պատմելով իրավիճակի ահաւորութեան մասին եւ ցոյց տալով թիրախուած հատուածը։
Նշենք, որ այսօր չափազանց ծանր էր իրավիճակը Պէյրութի տարբեր թաղամասերուն մէջ։ Առաջին անգամ իսրայէլեան բանակը, րոպէներու ընթացքին, քաոսային վիճակ ստեղծած էր Պէյրութի մէջ՝ ոչ միայն Տահիէ շրջանին, այլեւ կեդրոնական թաղամասերուն մէջ։
Վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Պէյրութի մէջ զոհերուն թիւը անցած է 300-ը, իսկ վիրաւորներունը՝ 800-ը, սակայն այս թիւերը դեռ վերջնական չեն։
Մինչ ԱՄՆ-ն եւ Իրանը կը պատրաստուին բանակցութիւններու, Լիբանանը ծանր գին կը վճարէ՝ ունենալով հսկայական մարդկային կորուստներ եւ նիւթական մեծ վնասներ։
Բեյրութահայ մեր հայրենակիցը դեպքի վայրից հայտնել է. «Հիմա այստեղ եմ, դիմացս է»։
— arevelk.am (@arevelk1) April 8, 2026
Բեյրութահայ մեր հայրենակիցը, որը ժամեր առաջ գտնվել է իսրայելական հարվածների ենթարկված թաղամասերից մեկում, տեսանյութով փորձել է ներկայացնել իրավիճակը։ pic.twitter.com/HmDq1gnRQe