image

Խարբերդի Հայկական Գերեզմաններուն Վրայ Տուներ Կը Կառուցուին

Խարբերդի Հայկական Գերեզմաններուն Վրայ Տուներ Կը Կառուցուին

Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող լուրերու համաձայն`Թուրքիոյ Էլազըղ (Խարբերդ) նահանգի Ղարփպեօրք (Խարափուկ) գիւղին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատունը ամբողջութեամբ քանդուած է, եւ այդ տարածքին վրայ Թուրքիոյ կառավարութեան բնակարանաշինութեան վարչութեան կողմէ երկու տուն կառուցուած է:

Տեղական աղբիւրներու համաձայն, այդ տուներուն պատճառով, որոնց շինարարութիւնը աւարտած է 2023ին, գերեզմանատունը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է: Հանգուցեալներու ոսկրակտորները եւ գանգոսկրները շինարարական աշխատանքներուն հետեւանքով ցրուած են գերեզմանատան տարածքին:

Գիւղացիները կը պատմեն, որ այդ տարածքը գերեզմանատուն եղած է եւ հակառակ իրենց առարկութիւններուն` գերեզմանները քանդուած են աշխատանքներուն ժամանակ: Անոնք դժգոհած են, որ բնակարանաշինութեան վարչութիւնը գիւղի ազատ տարածքները օգտագործելու փոխարէն, տուներ կը կառուցէ գերեզմաններու վրայ: 

Գիւղին մէջ քանդուած են նաեւ հայերու պատրաստած յուշաղբիւրները:

Նշուած է, որ գիւղի եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան քարերը տարիներու ընթացքին գողցուած կամ ոչնչացուած են: Գիւղի հողաշէն (կաւաշէն) տուները նոյնպէս քանդուած են պետութեան կողմէ՝ «նոր տուներ կառուցած ենք, հողաշէն տուներու կարիք այլեւս չկայ» պատճառաբանութեամբ:

Թրքական մամուլը հեռախօսային զրոյց ունեցած է գիւղի բնակիչներէն`Հասան Եըլտըրըմի հետ: Ան հաստատած է տարածուող լուրերը եւ նշած․ «Լսեցինք, որ այնտեղ շինարարութիւն եղած է: Ըսի`ամօթ չէ՞,այս խեղճերուն գերեզմաններուն վրայ տուներ կառուցեցիք: Ոսկորները այս ու այն կողմ շպրտած էին: Ի դէպ` մինչեւ գերեզմանատուն հասնիլը, թզենիներու մօտակայ տարածք մը կայ, որ գանձապետարանի տարածքն է: Ինչո՞ւ հոն չեն կառուցած»:

Ան նաեւ հաստատած է, որ գերեզմանատունը նախապէս թալանի ենթարկուած էր եւ բազմիցս փորուած գանձագողերու կողմէ: Այնտեղ 80-90 շիրմաքար կար, սակայն անոնք եւս գողցուած են: Թրքական մամուլը կը յայտնէ, որ պաշտօնական արխիւային գրանցումներուն մէջ գիւղի անունը 1912ին յիշատակուած է իբրեւ «Վարափուկ»: Այդ գիւղի հայերը 1915ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին  ջարդուած են: Մասօ, Տորօ, Էլօ, Մելիք, Մանու, Աթթօ եւ Սեւան գիւղաբնակ ընտանիքներու սերունդներէն ողջ մնացած էր քանի մը երեխայ: Իսկ այժմ գիւղին մէջ կը բնակին միայն ալեւիներ եւ սիւննիներ: