Ժամանակի էոյթն ու մենք։ Մենք ժամանակային ենք մեր ամէն ինչով՝ նոյնիսկ մեր յաւերժացման պատկերացումներով, նաեւ յաւերժը նուաճման ջանքերուն մէջ: Մեր ամէն ինչը ուղղուած է ժամանակը հասկնալուն ու զայն կերտելուն, նաեւ այն անմար փափաքը անժամանակային դարձնելու մեր ամէն ինչը՝ ինչքան ալ իտէալականացնենք ու ներծծենք, կը մնայ մեզի համար անհասկնալի ու չկերտուող: Ժամանակի խտութիւնն ու ցանցառութիւնը, ժամանակի խորութիւնն ու թեթեւութիւնը, ժամանակի ըլլալն ու չըլլալը մեզ շաղող են ու խենթեցնող, մեզ սլացնող են ու մահացնող: Ինքնին անձնաւորուած հասկացողութիւն մըն է մեզի համար ժամանակը, որ կայ հաճելիօրէն, երբ պատանի ենք առաւելաբար իբրեւ կատարելու գործիք ու հոսում դէպի չեղածները: Պատանեկանի, մանկականի ու վաղ երիտասարդականի ժամանակագործումը մեզ ամենաշատը անհոգ սեպած է ժամանակը ջլատելու առումով: Իսկ արդէն հասունութեան ու ծերութեան մեր ժամանակը նուաճուածութեան մէջ է ու մեզ կը տանի դէպի վերակերտում ու ըմբոստացում՝ եղածի անցման ու մեզ չսառեցման համար: Ժամանակի անձնաւորացումը ինքնին ժամանակին մեր միջոցաւ քաղցր ու անողոք յատկութեան մէջ ալ կ՚իյնայ, իսկ ժամանակը, հաւանաբար, ինքն իրեն համար չկայ, այլ միայն մեզի համար է այն եղելութիւն, կարիք ու հանգրուանացում: Դժուար է ըսել, թէ մենք ենք յատկանշուող կա՛մ մենք յատկանիշներ կը գտնենք ամէն ինչի մէջ, ուր կը կայանայ մեր կոչման առեղծուածը չդիտուած աստուածաբանական կամ հաւատամքային բացուածքով:
Ժամանակի հետ ու ժամանակի միջոցաւ փնտռտուքը։ Մարդկութիւնը ունի յաւերժական փտնռտուք մը, որ անսահմանելի է ու անժամանակ, նաեւ ձեւով մըն ալ անժամանցելի: Այն ինչի մասին է, վերջնական պատասխան չկայ, ժամանակը հաւանաբար միակ միջոցն ու շարժիչը կրնայ համարուիլ գոյութենականութեան եւ հոն կը գոյանան մարդկային ոգիի բոլոր գործադրոյթները: Մեր ժամանակային ըլլալը որքան ալ մեզ երազկոտ, վախկոտ, ազազուն դարձնէ, միեւնոյն ատեն մեզի կու տայ իմացուած կամ չիմացուած առաքելութիւններ: Ամէն ինչի մէջ հակասութիւններ պեղելու, գտնելու ու այդ մեթոտով տեսակ մը ձեռնոց նետել ժամանակին շատ հաւանական է, որ մարդկային ոգիի ամենասուր իւրայատկութիւններէն մին է, նաեւ միեւնոյն ատեն առեղծուածը վերծանելու ջանքերէն է: Ժամանակի հոսքի հակասականութիւնը հոն է, որ ան մեզի համար սկզբնաւորուած է ու վերջաւորուած՝ մինչ մենք առարկայ ենք իրեն համար ու պայմանական, իսկ միեւնոյն ատեն մեզի կը թուի, թէ ինք չկայ առանց մեզի ու առանց մեր կերտումին: Ինչքան ալ այս միտքը բնազանցական ըլլայ ու բնագիտութեան համար սերտելի, մենք մեր երազկոտութեան ու ներդաշնակեցման մեծ սիրով ժամանակին հակասականութիւնը կ՚ուզենք քննել ու տեղ մըն ալ անկարօրէն փարատել:
Ժամանակին հետ ենք, ժամանակ փայփայող ենք, ժամանակային ենք, բայց, միեւնոյն ատեն չենք ուզեր տեղի տալ անոր ու կարծես ան մեզ նեղող է ու ախոյեան:
Ժամանակին ժամը։ Ժամանակը ինքնին վայրկենական/երկվայրկենական ու միքրոերկվայրկենական ձեւով չլիացնէր ինքն իրեն, իսկ մարդկայինը կը փափաքի ըմբռնուիլ իր ըմբռնելու կողքին: Ժամանակը չի տար այն հնարաւորութիւնը, որպէսզի հասկնայ մարդը, այլ ան իր համընդհանուր հոսքով՝ ճակատագրականութիւնը պատահականութիւն ալ կերտէ մարդու ոգին օգտագործելով: Մեզի կը թուի, թէ ժամանակի առաքելութիւնը, որ վայրկենական ու երկվայրկենական է։ Մարդը չ՚ուզեր հասկնալ ու ընկալել ժամանակի կտրուածքը՝ ապաւինելով, որ ժամանակը հոսք է եւ յաւերժականութեան կերտիչ ու միջոց։
Անդրժամանակն ու առօրեան։ Մարդ ժամանակային է կամ անդրժամանակային, իր առօրէականութեամբ, իր ոգեղինականութեամբ ու ամէնօրեայ կեանքով հոն է հարցը: Ինքնին առօրեան անդրժամանակայնութեան ձգտող է, բայց, այդ մէկը ցոյց տայ կա՛մ չի կրնար ցոյց տալ, քանի գոյաժամանակը անդրային չէ, բայց, գոյութիւնը ինքնին անդրային մեծ ու խզիչ ջիղ մը ունի, որ նոյն իրեն կը տանի ոչնչացման կամ հակագոյութեան: Այս խաղին մէջ ժամանակի կայացումը թունդ մարդկային է ու կատարեալ թուացող: Մարդ արարածը իր ամէն մակերեսներով անդրժամանակի համար կը գործէ, բայց չի գիտակցիր, որ առօրէական ըլլալիքն ու կերտուելիքը ինչքան ալ փրկարարական ըլլան ու ամփոփիչ-ամոքող, մարդկային նպատակը ժամանակէն ալ անդին է:
Տիգրան Գաբոյեան
«Ժամանակ»/Պոլիս
•վերջ