image

Դատախազութիւնը դատարան ուղարկած է 153 անձի վերաբերեալ ընտրական գործեր

Դատախազութիւնը դատարան ուղարկած է 153 անձի վերաբերեալ ընտրական գործեր

Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններու գործընթացի մեկնարկէն՝ 2026-ի փետրուար 7-էն առ այսօր, դատախազները իրաւասու դատարաններուն յանձնած են ընտրական յանցագործութիւններու վերաբերեալ 43 քրէական վարոթ։ Յայտնած է ընդահնուր դատախազութիւնը՝ աւելցնելով, որ այս գործերը կ՚առնչուին 153 անձի։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ ներկայացուած քրէական վարոյթներէն 31-ը կը վերաբերի «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան եւ համանուն կուսակցութիւններու դաշինքին, ընդ որում՝ անոնցմէ մէկուն մէջ ներգրաւուած է նաեւ «Մեր ձեւով» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի ղեկավարը։ Բացի այդ, 10 վարոյթ կը վերաբերի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան, իսկ 2-ը՝ «Հայաստան» դաշինքի անդամներու եւ համակիրներու։

Չարաշահումները հիմնական կ՚առնչուին ընտրակաշառք տալուն, ստանալուն, բարեգործութեան արգելքը խախտելուն եւ ընտրական իրաւունքի ազատ իրականացմանը խոչընդոտելուն։