image

Նաթանիահու Թրամփ հեռախօսազրոյցը Իսրայէլի սահմանային անվտանգութեան յատկացուած է

Նաթանիահու Թրամփ հեռախօսազրոյցը Իսրայէլի սահմանային անվտանգութեան յատկացուած է

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ շարունակական շփումներու մրջածիրէն ներս, Յուլիս 9-ի երեկոյեան տեղի ունեցած է նոր հեռախօսազրոյց, որու ընթացքին վերահաստատուած է երկու երկիրներու միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ շարունակուող համակարգումը։ Այս մասին կը հաղորդէ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախագահ Թրամփ վարչապետ Նաթանիահուին տեղեկացուցած է Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ձեռնարկած քայլերուն մասին։

Իր կարգին, վարչապետ Նաթանիահու բարձրացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ թուրք պաշտօնատարներու կողմէ Իսրայէլ պետութեան գոյութեան դէմ հնչող յայտարարութիւններու լրջութեան հարցը, ինչպէս նաեւ շեշտած է Իսրայէլի սահմաններու երկայնքով անվտանգութեան գօտիներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը։