image

Հայրենադարձութեան 80-ամեակ. պատմական յիշողութենէն դէպի նոր գնահատում

Հայրենադարձութեան 80-ամեակ. պատմական յիշողութենէն դէպի նոր գնահատում

Հայրենադարձութիւնը միայն անցեալի պատմական դրուագ մը չէ, այլ՝ Սփիւռք-Հայաստան կապերու խորագոյն փորձառութիւններէն մին։ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած «Հայրենադարձութեան շերտերը» միջազգային գիտաժողովը առիթ դարձաւ նոր լոյսի տակ դիտելու 1946-1949 թուականներու մեծ հայրենադարձութիւնը եւ անոր թողած հետքը՝ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ։

Այս առումով ալ օրերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանգմանաւոր  գիտաժողով մը, «Հայրենադարձութեան շերտերը» ընդհանուր  խորագրին ներքոյ։ 

Սոյն ուշագրաւ իրադարձութեան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատար՝ Տիար  Զարեհ Սինանեան, որ իր խօսքը ուղղած է ներկաներուն։

Ստորեւ այդ մասին  հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Յուլիս 2-ին, ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան մասնակցեցաւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ հայրենադարձութեան 80-ամեակին նուիրուած «Հայրենադարձութեան շերտերը» խորագրով միջազգային գիտաժողովին։ Ան, թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի ուղեկցութեամբ, նաեւ շրջեցաւ նոյն խորագիրը կրող ցուցադրութեան սրահներուն մէջ։

Գիտաժողովի ընթացքին գլխաւոր յանձնակատարը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով՝ ընդգծելով, որ հայրենադարձութիւնը Հայաստանի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկն է եւ նշանակալի դեր ունեցած է ներկայ Հայաստանի ձեւաւորման մէջ։

«Հայրենադարձութիւնը մեր պետութեան ժամանակակից պատմութեան անբաժանելի մասն է։ Ուրախ եմ, որ այս կարեւոր պատմական էջը այսօր կ՚արժանանայ նոր ուսումնասիրութեան եւ գնահատման, որովհետեւ հայրենադարձութիւնը փորձառութիւն մըն է, որմէ կրնանք կարեւոր դասեր քաղել՝ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու ներկայի եւ ապագայի հայրենադարձութեան գործընթացները։

Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ նաեւ, որ վերջին տարիներուն արձանագրած ենք հայրենադարձութեան զգալի աճ», նշեց Զարեհ Սինանեան։

Միջազգային գիտաժողովին նպատակն է նորովի բացայայտել 1946–1949 թուականներու հայրենադարձութեան առնչուող թանգարանային հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ քննարկել այդ պատմական երեւոյթին ընկերային, մշակութային եւ պատմական բազմաշերտ դրսեւորումները։