Իսրայէլը պատրաստ է միանալու Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու ապագայ յարձակումներուն, եթէ Ուաշինկթընը այդ խնդրէ։ Այդ մասին յայտնած է New York Post (NYP) թերթը՝ վկայակոչելով Իսրայէլի մէջ իր աղբիւրները:
«Մենք ապացուցեր ենք, որ կ՚աջակցինք Միացեալ Նահանգներուն։ Վստահ չեմ, որ Միացեալ Նահանգները շահագրգռուած է, որ Իսրայէլը միանայ իրենց։ Բայց եթէ հարկ ըլլայ, ապա մենք պատրաստ ենք կրկին այդ ընելու», -ըսած է զրուցակիցներէն մէկը։
Ընդ որում, աղբիւրը նշած է, որ Իսրայէլը չուզեր վերադառնալ այն ժամանակները, երբ մարդիկ ստիպուած էին թաքնուիլ ապաստարաններու մէջ։