Իրանի Չապահար նաւահանգիստին մէջ գտնուող ծովային երթեւեկութեան կառավարման կեդրոնը վնասուած է ԱՄՆ-ի հարուածին հետեւանքով։ Այս մասին կը հաղորդէ ISNA լրատու գործակալութիւնը։
Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ միջադէպը չէ ազդած նաւահանգիստի գործունէութեան վրայ, նաւերու երթեւեկը շարունակուած է առանց ընդհատման։
Յուլիս 8-ին եւ 9-ին իրանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին պայթումներու մասին Իրանի Աքքալա, Պենտեր Ապպաս, Ճասք, Սպահան, Սիրիք եւ Չապահար նաւահանգստային քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Ապու Մուսա կղզիին եւ Պուշեհր նահանգի կարգ մը շրջաններուն մէջ։