image

Ուքրանիան շուտով ԱՄՆ-էն պիտի ստանայ Patriot համակարգեր. Զելենսքի

Ուքրանիան շուտով ԱՄՆ-էն պիտի ստանայ Patriot համակարգեր. Զելենսքի

Ուքրանիան մօտ օրերս Միացեալ Նահանգներէն պիտի ստանայ Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն համար նախատեսուած PAC-3 տեսակի կալանիչ հրթիռներու նոր խմբաքանակ։ Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

«Առաջիկայ օրերուն Միացեալ Նահանգներէն փաթեթ պիտի ստանանք, ինչպէս նաեւ եւրոպացի գործընկերներու հետ առանձին պայմանաւորուծութիւններ ունինք, անոնց առնչութեամբ տակաւին յստակ ժամկէտներ չկան, սակայն լրացուցիչ PAC-3 հրթիռներ պիտի տրամադրուին», ըսած է Զելենսքի՝ պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ Անգարայի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի արդիւնքներով արդեօք Ուքրանիան իր գործընկերներէն PAC-3-ի արագ մատակարարումներ կը սպասէ՞։

Զելենսքին նաեւ յայտնած է, որ Քիեւի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Ուքրանիոյ տարածքին Patriot համակարգերուն համար հրթիռներու արտադրութեան շուրջ։

Աւելի վաղ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն Քիեւին պիտի փոխանցէ Patriot զենիթահրթիռային համալիրներու արտադրութեան արտօնագիրը։ Իսկ Bloomberg գործակալութիւնը գրած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն համար կալանիչ հրթիռներու հնարաւոր արտադրութեան գործարկումը երկար ժամանակ պիտի պահանջէ եւ Քիեւին թոյլ պիտի չտայ կարճ ժամանակի մէջ արագ համալրել իր զինանոցը։