image

Իրան չի վերահսկեր Հորմուզի նեղուցը. ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութիւն

Իրան չի վերահսկեր Հորմուզի նեղուցը. ԱՄՆ կեդրոնական հրամանատարութիւն

Իրանը չի վերահսկեր Հորմուզի նեղուցը։ Այս մասին գրուած է Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը X-ի պաշտօնական էջին։

Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM)  հերքած է իրանական պետական լրատուամիջոցներու այն հաղորդումները, ըստ որոնց ներկայիս առեւտրային նաւերու տարանցումը Հորմուզի նեղուցով կը կատարուի բացառապէս Թեհրանի կողմէ հաստատուած երթուղիով։

«Իրանը չի վերահսկեր Հորմուզի նեղուցը»,– նշուած է CENTCOM-ի յայտարարութեան մէջ։ Հրամանատարութիւնը ընդգծած է, որ ամերիկեան զինուած ուժերը ամէն միջոց կը գործադրեն՝ ապահովելու համար առեւտրային նաւերու անվտանգ անցքը նեղուցէն։

«Մայիսի սկիզբէն ի վեր, ամերիկեան ուժերը նպաստած են աւելի քան 800 առեւտրային նաւերու եւ 380 միլիոն պարէլ անմշակ նաւթի յաջող տարանցման՝ այս կենսական նշանակութիւն ունեցող միջազգային առեւտրական միջանցքէն»,– շեշտած է CENTCOM-ը։