ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս դիմած է ԱՄՆ Քոնկրեսին՝ խնդրելով հաւանութիւն տալ Թուրքիոյ 20 միլիառ դոլար արժողութեամբ F-16 կործանիչներու վաճառքին:
Այդ տեղի ունեցած է մասնաւորապէս, երբ Թուրքիան վաւերացուցած է ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու՝ Շուէտի յայտը: Օրէնսդիրներուն ուղղուած նամակին մէջ Պայտըն կոչ ըրած է «անյապաղ» հաւանութիւն տալու այդ նախագիծին։
Սպիտակ տունը չէ մեկնաբանած տեղեկութիւնը:
Թուրքիան դեռ 2021 թուականի հոկտեմբերին դիմած էր 20 միլիառ տոլար արժողութեամբ Lockheed Martin F-16 կործանիչներու եւ իր ռազմական օդանաւերու համար մօտ 80 արդիականացման սարաքաւորումներ գնելու համար։
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ ժողովրդավար Քրիս Վան Հոլընը որոշ կասկածներ ունի արագ հաստատման հարցով։ Ան ըսած է, որ օրէնսդիրները նախ Պայտընի վարչակազմի եւ Թուրքիոյ երաշխիքներու կարիքն ունին:
«Նախագահ Էրտողանի պաշտօնավարման զգալի ժամանակահատուածին Թուրքիան եղած է ՆԱԹՕ-ի անհաւատարիմ դաշնակից», -ըսած է Վան Հոլըն:
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կոչ ըրած է Անգարային՝ պաշտօնապէս աւարտելու Շուէտի վաւերացումը ՆԱԹՕ-ի մէջ: Ատոր համար Էրտողանը պէտք է ստորագրէ օրէնքը, որ այնուհետեւ կը հրապարակուի Թուրքիոյ պաշտօնական տեղեկագրին մէջ։