image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի շինծու դատավարութեան աւարտին Արցախի առաջնորդներ ցկեանս եւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան

Պաքուի շինծու դատավարութեան աւարտին Արցախի առաջնորդներ ցկեանս եւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան

Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ աւարտած է Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարի տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի, Արցախի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի գործով դատավարութիւնը։ Բաքուի դատարանը անոնց ցմահ ազատազրկման դատապարտած է։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Դատավարութեան ընթացքին պետական մեղադրանքը պաշտպանող դատախազները միջնորդած էին Յարութիւնեանի եւ Մնացականեանի նկատմամբ կիրառել այս պատժաչափը։ Պաքուի կողմէ առաջադրուած մեղադրանքներու հիման վրայ ընթացող դատական գործընթացն աւարտած է մեղադրական եզրակացութեան ամբողջական հաստատմամբ։

Պաքուի դատարանն Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը դատապարտած է 20 տարուան ազատազրկման։

Ատրպէյճանական մամուլը յայտնած է, որ Արկադի Ղուկասեանին եւ Բակօ Սահակեանին ցմահ ազատազրկում կը սպառնար, սակայն Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքը թոյլ չի տար 65 տարին լրացած անձանց ցմահ ազատազրկման դատապարտել։ Դատավճիռի հրապարակման պահուն Սահակեանի եւ Ղուկասեանի 65 տարին լրացած էր։

Ատրպէյճանն Արցախի նախկին ղեկավարութիւնը կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու» եւ «ցեղասպանութեան» համար։

Այս քրէական գործերով մեղադրեալները 15-ն են` Արցախի երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը ու եւս ութ քաղաքացիական անձ՝ Գարիկ Մարտիրոսեան, Մելիքսէթ Փաշայեան, Դաւիթ Ալավերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Բալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Վասիլի Բեգլարեան եւ Էրիկ Ղազարեան։

Ատրպէյճանն Արցախի ռազմա-քաղաքական ղեկավարները գերեվարած է 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի դէմ իննամսեայ շրջափակումէն եւ տեղի ամբողջ հայ բնակչութեան էթնիք զտումէն ետք։

Քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը 2024-ի դեկտեմբեր 16-ին հաստատուած էր Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազի կողմէ եւ ուղարկուած Պաքուի զինուորական դատարան՝ քննութեան։

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործն առանձնացուած է միւսներու գործէն եւ կը քննուի առանձին վարոյթով: