image

Պաղեստինամէտ աքթիւիսթներ գոմաղբ լեցուցած են Փենթակոնի ղեկավարի տան մօտ

Պաղեստինամէտ աքթիւիսթներ գոմաղբ լեցուցած են Փենթակոնի ղեկավարի տան մօտ

Պաղեստինամէտ աքթիւիսթները գոմաղբ լեցուցած են Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթընի տան մօտ: Այս մասին գրած է Politico-ն։

Պարբերականը նշած է, որ համացանցի մէջ յայտնուած են տեսանիւթեր, ուր ցուցարարները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի տան մօտ՝ պոռալով. «Օսթըն, պիտի պայքարինք մինչեւ հրաժարական տաս: Օսթըն, արթնացի՛ր՝ բռնագրաւումը յանցագործութիւն է»։

Փենթակոնի խօսնակը հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարի տան մօտ տեղի ունեցած է «փոքր բողոքի ցոյց»՝ չյստակեցնելով մանրամասներ։