image

Նիճերիոյ մէջ Կաթողիկէ դպրոցէն առեւանգուածներու թիւը հասած է 315-ի

Նիճերիոյ մէջ Կաթողիկէ  դպրոցէն առեւանգուածներու թիւը հասած է 315-ի

Նիճերիոյ կեդրոնական մասին մէջ գտնուող Նիճեր նահանգի Սուրբ Մարիամ դպրոցէն զինեալներու առեւանգած մարդոց թիւը հասած է 315-ի։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, Agence France-Presse-ը յայտնած է, որ առեւանգուածներէն 303-ն աշակերտներ են։

Աւելի վաղ նշուած էր, որ նոյեմբեր 21-ին յարձակման հետեւանքով առեւանգուած է 227 մարդ։

«Նիճերիոյ քրիստոնէական միութիւնը յայտարարած է, որ ուրբաթ առաւօտեան զանգուածային առեւանգման հետաքննութենէն ետք ստացուած են նոր տեղեկութիւններ՝ աւելցնելով, որ առեւանգուածներու ընդհանուր թիւը այժմ կը կազմէ 303 աշակերտ եւ 12 ուսուցիչ», - գրած է գործակալութիւնը։