image

Կեանքի Դպրոցէն Ծաղկաքաղ

Կեանքի Դպրոցէն Ծաղկաքաղ

Մտքի աղքատութիւնը տգիտութեան նշան է

Մտքի կուրութիւնը` յամարութեան

Մեծամտութիւնը` հպարտութեան

Խաւարամտութիւնը` չարութեան

Կասկածամտութիւնը` թերահաւատութեան

Հնարամտութիւնը` իմաստութեան

Պայծառամտութիւնը` խոհեմութեան

Հարուստ մտապաշարը` ընթերցասիրութեան

Մտայղացումը` սերտողութեան

Առողջ մտայնութիւնը`դաստիարակութեան։

 

Հայրական խօսքը բարոյական է

Մայրական խօսքը` գրաւչական

Սրտի խօսքը` խրախուսական

Խրատական խօսքը` լուսաբանական

Ցաւակցական խօսքը` մխիթարական

Դասատուի խօսքը` շահեկան

Բարեկամի խօսքը` ուրախարար

Աղօթական խօսքը` խաղաղարար

Սփոփիչ խօսքը` բժշկարար

Աստուծոյ խօսքը` կենդանարար։

 

Բարի գործը հաւատքի վկայութիւն է։

Գործնական քայլը` խոր համոզումի նշան։

Գործնական լուծումը` իրավիճակը բարեփոխելու ճիգ։

Սերտ գործակցութիւնը` նպատակ իրագործելու ուղի։

Լայնածաւալ գործունէութիւնը` յարատեւութեան արդիւնք։

Գործով գոհունակ ըլլալը` երանական վիճակ։

Տեսական գաղափարը գործնականի վերածելը` աշխատասիրութեան եւ փորձառութեան հետեւանք է։

Շարունակ խիղճով գործելը` կեանքը գեղեցկացնելու արուեստ է։

Եռանդուն գործելը` ձիրքեր յայտնաբերելու ազդու միջոց է։

Աստուծոյ փառքին համար գործելը` իսկական բարեպաշտութեան ապացոյց է։

 

Անցեալէն դաս քաղելով ներկան կրնանք արժեւորել։

Ներկայ ժամանակը օգտագործելով ապագայ կրնանք կերտել։

Ապագայով մտահոգուիլը մտատանջութիւն կը պատճառէ։

Անցեալը դաս, ապագան անհաս, միայն ներկադ ապրիլ կրնաս։

Անցեալը յուշարար, ներկան դերակատար, ապագան հեռանկար։

Անցեալը խոր քանդակութիւն, ներկան նոր արձանագրութիւն, ապագան յատակագիծի որոշակի պատրաստութիւն։

Անցեալը պաշար, ներկան ճաշացուցակ, ապագան նախաճաշակ։

Անցեալը դէմքեր ու դէպքեր, ներկան իրականութիւններ եւ իրագործումներ, ապագան հանելուկներ եւ հնարաւորութիւններ։

Անցեալը հասկնալի, ներկան տեսանելի, ապագան անիմանալի։

Անցեալը պատմութիւն, ներկան գործունէութիւն, ապագան հունձքի ուրախութիւն։

 

Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...