image

Կեանքի դպրոցէն Էջ մը

Կեանքի դպրոցէն Էջ մը

Սէրը առանց նուիրումի շինծու եւ մակերեսային է։ Սէրը «ես»ին տարածքը կը սահմանափակէ եւ «Մենք»ին սահմանը կ՚ընդարձակէ։ Բարեյաջող ամուսնութեան հիմքը հաւատարմութիւնն է։ Ընտանեկան երջանկութեան բանալին անկեղծութիւնն է։ Ընտանիքը քայքայող եւ քանդող փոթորիկը անվերջ վիճաբանութիւններն են։ Անտարբեր մարդը իր իրաւունքն ալ պաշտպանելու կամեցողութիւն չունի։ Անտարբեր մարդուն կեանքին ամէն մէկ վայրկեանը գործնական անհաւատութեան քարոզութիւն է։ Անտարբերութիւնը կը սկսի ծուլութեամբ եւ կը շարունակուի կարծրասրտութեամբ։ Անտարբերութիւնը անզգամութեան հոմանիշ է։

Կեանքի դպրոցին տնօրէնը Աստուած է Աշակերտը` իմաստուն մարդը Ուսուցիչը` եզակի դէմքը Դասանիւթերը` կարեւոր դէպքերը Հսկիչը` արթուն խիղճը Դաստիարակը` նեղութիւնը Դասապահերը` օրերը Տարեշրջանը` կեանքը Հանդէսը` ապրելակերպը Վկայականը` փորձառութիւնը։ Մարդոց հանդուրժելը համբերութիւն կը սորվեցնէ։ Մարդոց սխալը ներողամտութեան ակնոցով դիտել խաղաղ ապրելու կը նպաստէ։ Մարդոց կարծիքը յարգելը երկխօսութեան ճամբայ կը պատրաստէ։ Մարդը մարդկային է` երբ մարդավայել ապրիլ կը փափաքի։ Մարդը հրէշային է` երբ աստուածային շնորհքէն կը հրաժարի։ Մարդը առաքինի է` երբ բարիին կը ձգտի։ Խօսքը կշռողը "ծանր" խօսք ըսելէ կը զգուշանայ։ Խօսքը "չափողը" իրաւունքի սահմանը կը գիտնայ։ Երբ խօսքը գործին ընկերակիցն է` համոզիչ եւ ազդեցիկ կը դառնայ։ Երբ խօսքը գործին թարգմանն է` խոր տպաւորութիւն կու տայ։ Խօսքը "անախորժ" է երբ սիրով միախառնուած եւ հեզութեամբ համեմուած չէ։ Ողջմիտը կը լսէ ընտիրը նախընտրելով։ Խոնարհը կը լսէ դասեր քաղելու միտումով։ Իմաստունը կը լսէ օգտաշատը առաջնահերթ նկատելով։ Յիմարը կը լսէ ամէն խօսքի կարեւորութիւն տալով։ Հնարամիտը կը լսէ խօսակցութեան գործնական եզրակացութեան ուշադրութիւն դարձնելով։ Հեռատեսը կը լսէ խօսքին հետեւանքները մտաբերելով։ Խաղաղ մարդը բարկութեան կրակը կը մարէ։ Խաղաղասէրը հաշտութեան պերճախօս քարոզիչն է։ Խաղաղարարը սիրոյ սկզբունքին կողմնակից է։ Խաղաղ հոգին խղճի հանգստութեան արմատն է։ Խաղաղ միտքը կասկածը կը փարատէ։ Դրամասիրութեան կուռքին ծառայողները Յուդայի ներկայացուցիչներն են։ Հպարտութեան կուռքին ենթակայ եղողները նոր ժամանակներու Փարիսեցիներն են։ Նախանձի կուռքին անձնատուրը եղողը ատելութիւն կը ցանէ։ Կեղծաւորաբար ապրողը խաբեբայութեան տարածիչն է։ Գոռոզամիտը Աստուծոյ շնորհքը ուրացող է։ Անշահախնդիրը ծառայողը իր խղճին հետ խնդիր չունենար։ Անձնուրաց ծառայողին կեանքը սիրոյ խօսուն վկայութիւն է։ Սիրոյ մղումով ծառայողը սերտ գործակցելու պատրաստակամ է։ "Մենք"ին համար ծառայողը պատուաբեր երթով գովելի է։ Գերեզմանը բացօթեայ դպրոց է։ Ընդարձակ դպրոց մը, որ կը յիշեցնէ թէ հիւրաբար կ`ապրինք այս աշխարհին մէջ։ Գերեզմանը խորհրդաւոր լռութեամբ կեանքը լաւագոյնս արժեւորելու կը հրաւիրէ։ Մահացողը եթէ արժանաւոր անձ եղած էր` կեանքին օրինակը կտակած կ`ըլլայ որպէս բարոյական հարստութիւն։ Մնայուն սուգը ողբերգութեան կը վերածէ կեանքը, իսկ մխիթարութիւնը ջերմեռանդ աղօթքին պտուղն է։ Յարութեան յոյսով ապրողը կրնայ սուգի ժամանակ համակերպիլ Աստուծոյ կամքին։ Անյոյս մարդը կամովին կը հրաժարի կեանքի նպատակէն, ապրելու կամքէն, պայքարելու ձգտումէն եւ յաղթելու տեսիլքէն։ Սէրը առանց հանդուրժողականութեան ձեւական է։ Սէրը առանց նուիրումի շինծու եւ մակերեսային է։ Սէրը "ես"ին տարածքը կը սահմանափակէ եւ "Մենք"ին սահմանը կ`ընդարձակէ։ Բարեյաջող ամուսնութեան հիմքը հաւատարմութիւնն է։ Ընտանեկան երջանկութեան բանալին անկեղծութիւնն է։ Ընտանիքը քայքայող եւ քանդող փոթորիկը անվերջ վիճաբանութիւններն են։ Անտարբեր մարդը իր իրաւունքն ալ պաշտպանելու կամեցողութիւն չունի։ Անտարբեր մարդուն կեանքին ամէն մէկ վայրկեանը գործնական անհաւատութեան քարոզութիւն է։ Անտարբերութիւնը կը սկսի ծուլութեամբ եւ կը շարունակուի կարծրասրտութեամբ։ Անտարբերութիւնը անզգամութեան հոմանիշ է։

 

Խորէն.Քհնյ.Պէրթիզլեան

 

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...