image

Հրազդանի թիւ 11 դպրոցէն 12 երեխայ փոխադրուած է հիւանդանոց

Հրազդանի թիւ 11 դպրոցէն 12 երեխայ փոխադրուած է հիւանդանոց

Հրազդանի թիւ 11 դպրոցին մէջ աշակերտներէն մէկու կողմէ անյայտ կազ օգտագործելու հետեւանքով ինքնազգացողութեան վատացմամբ շտապօգնութեան մեքենայով Հրազդանի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է 9-14 տարեկան 12 երեխայ:

Առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ երեխաները տեղափոխուած են Հրազդանի հիւանդանոց՝ անյետաձգելի բուժօգնութեան բաժանմունք։

Տուժածներէն 4-ը արդէն տուն գացած են։ Բժշկական կեդրոնին մէջ գտնուողներու վիճակը կը գնահատուի բաւարար։