image

«Ներկայութիւն եւ նուիրուածութիւն».Առաջնորդ Գերշ. տ. Մեսրոպ եպս.ի այցը՝ Նէյփըլզ

«Ներկայութիւն եւ նուիրուածութիւն».Առաջնորդ Գերշ. տ. Մեսրոպ եպս.ի այցը՝ Նէյփըլզ
ԱՄՆ-ի Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան վերջերս այցելած է Ֆլորիտայի Նէյփըլզ քաղաքի հայկական համայնք, ուր եւ մատուցած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
 
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Թեմի պաշտօնական կայքէջէն, ուր թարգմանաբար կը կարդանք հետեւեալ գրառումը՝

 

Կիրակի, 10 Մարտին, Մեսրոպ Սրբազանը այցելեց Ֆլորիտայի Նէյփըլզ քաղաքի Հայ Առաքելական ծխական համայնքը եւ հաւատացեալներուն հետ պատարագ մատուցեց։ Մտերմիկ հաւաք մըն էր՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու այս աճող հայ համայնքի հիմնադիր անդամներուն:

«Մենք Սուրբ Պատարագ մատուցեցինք Սուրբ Պօղոս եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ մէջ,- ըսաւ Առաջնորդը,- որունմիացան աւելի քան 130 ծխականներ, որոնք իրենց ձմեռային հոգեւոր տունը՝ Նէյփըլզի Ծուխը կ՚այցելեն: Միասնութեան եւ հաւաքական հաւատքի զգացումը իսկապէս ոգեւորիչ էր»:

Ան շարունակեց ըսելով. «Իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բոլորին՝ սկսած խորանին վրայ ծառայողներէն, մինչեւ երգչախումբի անդամներուն եւ ջերմ հիւրասիրութիւնը կազմակերպող յանձնաժողովին: Յատուկ շնորհակալութիւն Ծխական խորհուրդին եւ անոր նախագահ՝ Ռոն Խաչատուրեանին: Ձեր նուիրուածութիւնն ու ծառայութիւնը կեանք կը ներշնչեն Ֆլորիտայի հարաւ արեւմտեան համայնքին»:

Բոլոր հաւատարիմ ծխականներուն կ՚ըսեմ՝ ձեր ներկայութիւնն ու նուիրուածութիւնը կը զօրացնեն Նէյփըլզի համայնքը: Շնորհակալութիւն Ֆլորիտայի հարաւ արեւմտեան համայնքին սիրտը ըլլալուն համար»: