image
Հրատապ լուրեր:

Նախիջեւանի մէջ կրկին ռազմափորձեր

Նախիջեւանի մէջ կրկին ռազմափորձեր

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած ռազմական համագործակցութեան պայմանագրին համաձայն, Նախիջեւանի մէջ մոթոհրաձգային ստորաբաժանումներու, յատուկ նշանակութեան ջոկատի, հետեւակայիններու եւ զինուած ուժերու այլ ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ սկսած են «Անխախտ Եղբայրութիւն-2021» համատեղ մարտավարական վարժանքները՝ մարտական հրաձգութեամբ: 

Զօրավարժութիւններուն ընդգրկուած են զինուորներ, Նախիջեւանի կայազօրի միաւորումներ եւ մարտիկներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու ստորաբաժանումներ: