Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ Իրանի գործած յարձակումն անպատասխան պիտի չմնայ։ Գերատեսչութիւնը ողջ պատասխանատւութիւնը բարդած է թեհրանեան վարչակազմի վրայ։
«Այս միջադէպի համար ամբողջութեամբ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Իրանը։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պատրաստէ անհրաժեշտ արձագանգման միջոցառումներ՝ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու անվտանգութիւնն ապահովելու համար»,-ըսուած է պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ իրանական անօդաչուներու հարուածի հետեւանքով վնասուած է Նախիջեւանի օդակայանի թերմինալը եւ վիրաւորուած է երկու քաղաքացիական անձ։