Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանը պիտի փոխուի, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու անուանումները պիտի հանուին Նախիջեւանի Սահմանադրութենէն։
Ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ գործակալութիւնը, այդ արտացոլուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան «Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները հաստատելու մասին» սահմանադրական օրէնքի նախագիծին մէջ, որ երկրորդ ընթերցմամբ քննարկման դրուած Միլլի Մեճլիսի այսօրուան նիստին:
Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան գործող Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ նշուած է, որ Նախիջեւանի ինքնավարութեան հիմքերը դրուած են միջազգային պայմանագրերով՝ 16 մարտ 1921 -ի Մոսկուայի պայմանագրով եւ 13 հոկտեմբեր 1921-ի Կարսի պայմանագրով, որոնք ներկայիս ուժի մէջ են։
Առաջարկուող նոր տարբերակին մէջ նշուած է, որ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասն է։
Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան այս Սահմանադրութեան հիմքը 30 օգոստոս 1991-ի «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան վերականգնման մասին» հռչակագիրն է, 18 հոկտեմբեր 1991-ի «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին» սահմանադրական օրէնքը, ինչպէս նաեւ 12 նոյեմբերի 1995-ին համաժողովրդական քուէարկութեամբ՝ հանրաքուէով ընդունուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած սկզբունքները։
Քննարկումներէն ետք օրինագիծն ընդունուած է երկրորդ քուէարկութեամբ։