image

Մոնթրէալ. Մահացած է Տիրամայր Գոհար Գազանճեանը

Մոնթրէալ. Մահացած է Տիրամայր Գոհար Գազանճեանը

Խոր կսկիծով տեղեկացանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսութեան Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Հայր Վարդան Թ.Ծ. Վրդ. Գազանճեանի մայրը՝ Տիրամայր Գոհար Գազանճեան (ծնեալ Չուլճեան)։ Այս տխուր կորուստը վիշտ պատճառեց ոչ միայն Գազանճեան ընտանիքին, այլեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ անոնց բոլոր մտերիմներուն։

Այս առթիւ, «Արեւելք» իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Գերապայծառ Հայր Վարդան Գազանճեանին, ընտանիքի անդամներուն եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին։ Կը միանանք անոնց աղօթքներուն՝ հայցելով, որ Ամենակալ Աստուած հանգստութիւն պարգեւէ հանգուցեալ Տիրամայր Գոհար Գազանճեանի հոգւոյն եւ մխիթարութիւն՝ բոլոր սգակիրներուն։

Ստորեւ այդ մասին Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց  Առաջնորդարանին կողմէ տարածուած մահագրութիւնը՝

Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսութեան Պատրիարքական Կառավարիչ Գերապայծառ Հայր Վարդան Թ.Ծ. Վրդ. Գազանճեանի մայրը՝ Տիրամայր Գոհար Գազանճեան (ծնեալ Չուլճեան), իր հոգին աւանդեց առ Հայր այսօր՝ 7 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան ժամերուն (Մոնթրէալի ժամանակով)։

Յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Մոնթրէալի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի, 12 Մայիսին:

Իսթանպուլի մէջ մատուցուելիք Հոգեհանգստեան պաշտօնի եւ ցաւակցութիւններու վերաբերեալ մանրամասնութիւնները (թուականը, վայրը եւ ժամերը) պիտի յայտարարուին յառաջիկայ օրերուն։