Հոկտեմբեր 23-ին Գիւմրիի մէջ հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ «Տիրամայր Հայաստանի երիտասարդական կեդրոն»-ին՝ ներկայութեամբ մասնաւորապէս բարերարներու, Հռոմէն ժամանած կղերականներու, ինչպէս նաեւ՝ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի, Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըրի, տեղական եւ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ այլ հիւրերու:
Կառոյցին գլխաւոր հովանաւորը Ժագլին Կիւլիստան—Գալուստեան, ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Նշան եւ Ալիս Կէտիկեան—Կիւլիստանի, իր բնակարանը կտակած է Փարիզի «Հայաստան համահայկական հիմնադրամ»-ին, որպէսզի անոր վաճառքէն գոյացած հասոյթը օգտագործուի յատկապէս որբերու խնամքով զբաղող հայ կեդրոններու եւ դպրոցներու օժանդակութեան: Կտակին կէսը՝ 550.000 եւրօն, յատկացուած է «Տիրամայր Հայաստանի երիտասարդական կեդրոն»-ի կառուցման: Իսկ մնացեալը յատկացուած է Փարիզի Ալֆորվիլի հայկական վարժարանին եւ Դպրոցասէր վարժարանին, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինք դպրոցին եւ այլ բարեսիրական ծրագրերու: Շինարարութեան իրենց նիւթական նպաստը բերած են Սփիւռքէն եւ Ֆրանսայէն բազմաթիւ բարերարներ ու հաստատութիւններ։
Կեդրոնի բացման օրը, նորակառոյց կեդրոնի մուտքին հիւրերը ընդունեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը եւ խօսքով դիմեց ներկաներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն այս անզուգական նախաձեռնութեան թիկունք կանգնելնուն եւ իրականութիւն դառնալու նպաստելնուն համար, շեշտեց քրիստոնէական արժէքներու կարեւորութիւնը՝ որպէս միաբանութեան առաքելութեան հիմք։ Քոյր Արուսեակ իր խօսքին մէջ յայտնեց. “Մեր գլխաւոր նպատակն է մեր ուսանողներուն մէջ հաւատք սերմանել, զանոնք քրիստոնէական եւ հայկական արժէքներով սնուցանել։ Մենք զանոնք կը պատրաստենք մեծնալու մարդկային, հոգեւոր եւ հայրենասիրական սկզբունքներով՝ պատրաստ դիմակայելու կեանքի մարտահրաւէրները”։

Նուիրատուներու ցանկը
Ապա քոյր Արուսեակ հրաւիրեց Ժագ—Արտաշ Կէտիկեանը եւ Գանատայի դեսպանը՝ Էնտրու Թըրնըրը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ հայր Գէորգ Թ. ծ. վրդ. Նորատունկեանը՝ շէնքին մուտքի ժապաւէնը կտրելու եւ համտեսելու յիշարժան ձեռնարկներու ընթացքին աւանդապէս մատուցուող աղուհացը։ Մուտքի միջանցքի պատին տեղադրուած էր բարերարներու ընդգրկուն ցանկը։ Շէնքը իտալական ոճով կառոյցները կը յիշեցնէ՝ ներքին բակը շրջապատող սիւներով եւ կեդրոնական շատրուանով: Քոյր Արուսեակ ֆրանսերէնով զեկուցեց Եւրոպայէն ժամանած բարերարներուն, կղերականներուն, հիմնարկութեան մանրամասնութիւնները: Համալիրին մէջ ուսուցանուող լեզուներէն է ֆրանսերէնը՝ հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին:
Շրջայցէն ետք ներկաները ուղղուեցան համալիրին դահլիճը, ուր Քոյր Նարինէ Սիմոնեանը խօսք առաւ յայտնելով. “Մենք այսօր հաւաքուած ենք սիրոյ շուրջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Տիրամայր Հայաստանի» մեծ ընտանիքի անձնակազմին, որ մեզ՝ քոյրերուս սատար կանգնեցաւ, որ այս օրը կատարելապէս իրականանայ, շնորհակալութիւն «Արհեստի դպրոց»-ի ուսանողներուն եւ խոհարարներուն”։ Քոյր Նարինէն խօսքը փոխանցեց հայր Գէորգ Թ. ծ. վրդ. Նորատունկեանին, որ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները այս անզուգական ձեռքբերումին համար՝ ըսելով. “Այս կեդրոնին բացումով մենք բացառեցինք շատ դիւրաբեկ ընտանիք ունենալու կարելիութիւնները: Այս կեդրոնէն անցնողները պիտի թրծուին, հարստանան, ճոխանան, սնանին քրիստոնէական արժէքներով եւ նետուին աշխարհ, կազմելու համար սուրբ ընտանիքներ”։ Ապա բեմ բարձրացաւ խմբավար, երաժիշտ Ռոբերտ Մլքէեանը եւ ղեկավարեց «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, որուն Կոմիտասի տարատեսակ երգերու հմայիչ մեկնաբանութիւնը յուզումով համակեց բոլոր ներկաները: Նոյն դահլիճին մէջ ներկաները ճաշեցին եւ օրուան առիթով պատրաստուած կարկանդակը համտեսեցին: Աւարտին իւրաքանչիւրը «Տիրամայր Հայաստանի երիտասարդական կեդրոն»-ի բացման այս օրը յատկանշող յուշանուէր մը ստացաւ:
