Արհի. Տ. Գէորգ արք. Նորատունկեան այցելած է Աշոցքի «Տիրամայր Նարեկ»ի հիւանդանոց։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը՝
6 Փետրուար 2025-ին Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանն այցելած է Աշոցքի Տիրամայր Նարեկի հիւանդանոց՝ տնօրէն Հ. Մարիօ Քուքարոլլոյի հրաւէրով: Սրբազան Հօր կ՚ուղեկցէին Գերպ. Հ. Ներսէս Վրդ. Գալստեանը, Գերպ. Հ. Յովհաննես Վրդ. Մելիքեանը եւ Արժ. Տ. Յովսէփ քհն. Գալստեանը:
Հիւանդանոցի անձնակազմը հոգեւորականները դիմաւորած է աղուհացով եւ մեծ բերկրանքով:
Նախ կատարուած է հիւանդանոցի օրհնութեան կարգ, ապա մատռան մէջ Սրբազանը ողջոյնի խօսքով դիմած է անձնակազմին՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Հ. Մարիօ Քուքարոլլոյին եւ փոխտնօրէն Յասմիկ Համբարեանին՝ հրաւէրի համար:
Ան ըսած է.
«Հակառակ բոլոր դժուար օրերին, ժողովուրդն իր հաւատքը պահել է: Հրաշքներ են տեղի ունենում: Մենք՝ որպէս հայեր, քրիստոնեաներ, հաւատացեալ ժողովուրդ, շատ լաւ գիտենք, որ որտեղ տեխնիկան, գիտութիւնը չեն կարողանում յաջողութիւն ունենալ, երբեմն պարզ աղօթքն է, որ յաջողւում է, եւ հիւանդը բժշկւում է: Գիտակից եղէ՛ք, որ այս հիւանդանոցում, այս փոքրիկ անկիւնում, որտեղ աշխատում էք, օրը «Հայր Մեր»-ով սկսելը եւ աւարտելը մի յատուկ ուժ է տալիս ձեզ, որը երբեմն փոխարինում է ողջ այդ տեխնիկային: Երբեմն մի անձի, հիւանդապահի, բուժքրոջ ժպիտը, ուրախութիւնը այնպիսի հրաշալի ուժ ունի, որ դեղերից, ներարկումներից, նորագոյն գործիքներից առաւել է: Մէկ հայեացքը, մէկ լուռ ու մունջ ժպիտը՝ նրան, ով չի կարող ոչ ծիծաղել, ոչ խօսել, կարող է հրաշք գործել: Ժպիտը շատ լաւ են կարդում աչքերը, եւ այն շատ մեծ ուժ ունի: Ձեզ մաղթում եմ բարի առաքելութիւն: Դուք երկու առաքելութեամբ էք այստեղ՝ ձեր բժշկական, տեխնիկական պատրաստուածութիւնը, երկար տարիների փորձառութիւնը եւ դրա կողքին նաեւ ձեր հաւատացեալ լինելը»:
Տնօրէնութեան սենեակին մէջ նաեւ տեղի ունեցած է ջերմ զրոյց՝ Սրբազան Հօր եւ հիւանդանոցի բուժանձնակազմի միջեւ: Սրբազանը պատմած է իր յիշողութիւնները 1990-ականներու սկիզբներու մասին, երբ դեռ որպէս ճեմարանական, ներկայ եղած է հիւանդանոցի հիմնադրման, եւ ըսած է, որ ուրախ է, որ արագ կառուցուած եւ կարճ ժամանակի համար նախատեսուած այդ հիւանդանոցը մինչեւ հիմա արդիւնաւէտ կը ծառայէ տեղի ժողովուրդին: Հայր Մարիօն եւս կիսուած է իր միտքերով եւ գնահատանքի խօսք ըսած անձնակազմի մասին՝ յատկապէս, յիշելով քոյր Նոյէլ Լոքաթելլին՝ ֆրանսուհի այդ անխոնջ միաձնուհին, որ իր կեանքի մէկ մասը նուիրած է այդ հիւանդանոցին: Ան պատմած է, որ դժուարին ընթացք ունեցած է հիւանդանոցը, սրբագրած է որոշ սխալներ եւ թերութիւններ՝ հիւանդանոցի աշխատանքն առաւել համապատասխանեցնելով հոգեւոր եւ առողջապահական այն նպատակին, որով այն հիմնուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կողմէ, 33 տարի առաջ:
Վերջաւորութեան տեղի ունեցած է հիւանդանոցի նոր շտապօգնութեան մեքենաններու եւ վարորդներու օրհնութեան կարգ: