Ինչպէս Քրիստոնեայ աշխարհը, նոյնպէս ալ Հայոց եկեղեցին գեղեցիկ աւանդոյթ մը ունի, յիշատակելու, յիշեցնելու եւ տարբեր անուանումներ տալու Աստուածամայր Մարիամին։
Պատմութեան ընթացքին ալ, Սուրբ Կոյս Մարիամին ՝ Աստուածամօր հանդէպ մեծ ակնկածանք եւ սէր ունեցած մեր ժողովուրդը իր լիակատար սէրը ցուցաբերած է Սուրբ Կոյսին հանդէպ։
Ու այսպէս ամէն առիթի շարականներ, աղօթքներ ու մաղթանքներ յղանալէ անդին եկեղեցին նաեւ, ըստ աշխարհագրութեան, կամ պայմանական վիճակի մը Սուրբ Կոյսին տուած է իւրայատուկ կոչումներ. Օրինակ «Ծովերու մայր», «Լերան տիրամայր», «Գթութեան մայր» եւ այլ անուանումներ։
Այս հակիրճ նախաբանը գրեցինք համահունչ այն առիթին, որ օրեր առաջ տօնախմբեց Լիբանանի Մխիթարեան Միաբանութիւնը եւ կրօնական արարողութիւններ կատարեց Լեռնալիբանանի ամենապայծառ աւաններէն՝ հայաբոյր Պիքֆայայի մէջ, ուր Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքին ու վանական համալիրին կողքին կը գտնուի Մխիթարեան Միաբանութեան «Ողկոյզի տիրամայր» եկեղեցին եւ վանական համալիրը, իբրեւ խորհրդանիշ պտղաբերութեան ու նաեւ որպէս յիշատակում Տիրամօր վերափոխման սրբազան օրուան։
Խորհուրդներով եւ եւ խնկաբոյր աղօթքներով պարունակուած այդ օրուան մասին «Արեւելք»ին ուղարկուած թղթակցութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ յիշեցնելով նաեւ, որ Մխիթարեան Միաբանութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ մեծաւորն է Հ. Մեսրոպ Թ. Ծ. Վրդ Սիւլահեանը։
Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Պիքֆայայի Մխիթարեան Միաբանութեան Ողկոյզի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին առիթով Ձայնաւոր Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցանուեցաւ, նախագահութեամբ` Միաբանութեանս Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ` Հ. Մեսրոպ Թ. Ծ. Վրդ Սիւլահեանի եւ մասնակցութեամբ փոխ մեծաւոր՝ Հ. Կորիւն Ճէնանեանի։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը եւ բաշխումը, որմէ ետք բոլոր ներկաները ուղղուեցան դպրեվանքի շրջափակը, մասնակցելու "Քրեմեսի" Հանդիսաւոր տօնախմբութեան, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՚ունենար սոյն տարածքին մէջ։
Այնտեղ զետեղուած տաղաւարները բազմազան էին իրենց գունագեղ պերճութեամբ, համեղ ուտելիքներով, զարդեղէններով, երեխաներուն յատուկ խաղաղավայրով, ճոխ երաժշտութեամբ, երգով, պարով եւ խաղերով։ Այս բոլորը մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մէջ։
Իրենց առօրեայ հոգերը թեթեւցնելու միտումով Մխիթարեան հայրերը ջանք չէին խնայած ներկաներուն երջանկութիւն, խինդ ու ծիծաղի մթնոլորտ ապրեցնելու, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհի խաժամուժէն դադար մը առնելու նպատակով, սիրայօժար եւ մեծ նուիրումով կատարած էին այս բոլորը։
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք մեծ սիրով կատարեցին իրենց վստահուած բաժինը։
Միօրեայ «Քէրմէս»ը անջնջելի յուշեր ուրուագծեց մասնակիցներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։