image

Մեծ թիւով Եւրոպացի առաջնորդներու կողքին Մաքրոն Երեւան ժամանեց

Մեծ թիւով Եւրոպացի առաջնորդներու կողքին Մաքրոն Երեւան ժամանեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը պետական այցելութեամբ ժամանած է Երեւան։  Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Ֆրանսայի նախագահը դիմաւորած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։

 

Ֆրանսայի նախագահը այսօր՝ Մայիս 4-ին, Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովին։

Մայիս 5-ին պիտի մեկնարկէ անոր պետական այցելութիւնը Հայաստան։ Տեղի պիտի ունենայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահի առանձնազրոյցը, որմէ ետք պիտի հետեւի երկու երկիրներու առաջնորդներուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։ Փաստաթուղթերու ստորագրութեան արարողութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեանն ու Էմանուէլ Մաքրոնը հանդէս պիտի գան զանգուածային լրատուամիջոցներուն համար յայտարարութիւններով։

Նախագահ Մաքրոնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Մատենադարան։ Տեղի պիտի ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը։

 

Պետական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանսայի նախագահը ՀՀ վարչապետին ընկերակցութեամբ պիտի այցելէ Գիւմրի, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ 1988 թուականի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։ Նիկոլ Փաշինեանն ու Էմանուէլ Մաքրոնը Գիւմրիի մէջ ներկայ պիտի գտնուին «Երաժշտական կամուրջ․ Հայաստան-Ֆրանսա» խորագիրով համերգին։