image

Մահացած է հայութեան փորձանք դարձած «Պայրաքտար» նախագիծի հեղինակ՝ Օզտեմիր Պայրաքտարը

Մահացած է հայութեան փորձանք դարձած «Պայրաքտար» նախագիծի հեղինակ՝ Օզտեմիր Պայրաքտարը

Սթամպուլի մէջ 71 տարեկանին մահացած է Baykar ընկերութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ, հարուածային անօդաչուներու մշակման նախագիծի հեղինակ Օզտեմիր Պայրաքթարը:

Baykar ընկերութեան մշակած առաջին անօդաչու թռչող սարքերը Թուրքիոյ զինուած ուժերու սպառազինման կազմին մէջ շահագործուած են 2005-2009 թուականներուն երկրի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ կատարուող հակաահաբեկչական գործողութիւններու ընթացքին:

Վերջին անօդաչուները, որոնց վրայ աշխատած է Ւայրաքաթարը, եղած են Bayraktar TB2 եւ AKINCI ԱԹՍ-ները: