image

Ըստ Թրամփի Իրանի դէմ հարուածը անհաւանական դարձած է

Ըստ Թրամփի Իրանի դէմ հարուածը անհաւանական դարձած է

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քիչ հաւանական կը նկատէ Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը, եթէ կողմերը առաջընթաց արձանագրեն Իրանի միջուկային ծրագիրին եւ Հորմուզի նեղուցին վերաբացման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկեան զինուած ուժերը պատրաստ են նոր հարուածներու, իսկ Ուաշինկթըն արդէն որոշած է Իրանի տարածքին վրայ հաւանական թիրախները՝ ներառեալ ելեկտրակայաններն ու կամուրջները։ Այս մասին Թրամփ յայտարարած է CNN հեռուստակայանին տուած հեռաձայնային հարցազրոյցի ընթացքին։

«Պատասխանը այն է, որ խիստ անհաւանական է, թէ նման անհրաժեշտութիւն առաջանայ։ Սա սնանկացած երկիր է։ Հազիւ թէ նոր տուեալներ հրապարակուեցան, տեսաք՝ այս տարի սղաճը կազմած է 301 տոկոս։ Խիստ անհաւանական է, որ անոր կարիքը ըլլայ։ Սակայն, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, պիտի ընեմ», ըսած է ԱՄՆ-ի նախագահը՝ 20 վայրկեան տեւած զրոյցին ընթացքին հինգ անգամ կրկնելով պատերազմը վերսկսելու քիչ հաւանական ըլլալու մասին իր տեսակէտը։

Թրամփ նշած է, որ կացութեան հետագայ զարգացումը կախեալ է անկէ, թէ արդեօք Թեհրան պիտի համաձայնի՞ «շատ խիստ համաձայնագիրի» մը։ Ան կը պնդէ, որ ամերիկեան հարուածները լուրջ ռազմական եւ տնտեսական վնաս հասցուցած են Իրանին, իսկ երկրին ֆինանսական վիճակը կը շարունակէ վատթարանալ։

Միեւնոյն ժամանակ, նախագահը ընդգծած է, որ ԱՄՆ կը պահպանէ ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնը։ Անոր համաձայն՝ շրջանին մէջ կը գտնուին ամերիկեան երեք օդանաւակիր նաւեր, որոնք լիովին պատրաստ են մարտական գործողութիւններու։

«Մենք պատրաստ ենք։ Այստեղ երեք օդանաւակիր նաւ ունիմ։ Եւս մէկը նոր ժամանած է։ Երեք հատ ունինք։ Անոնք լիովին մարտական պատրաստութեան մէջ են», յայտարարած է Թրամփ։