Ամերիկաբնակ հայերը յաջակցութիւն Արցախի՝ շրջափակած են Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքը։ Անոնք պահանջած են բանալ Լաչինի ճանապարհը։
Ցուցարարները ծածանած են Արցախի դրօշը, կատարած են հայրենասիրական երգեր։
Նախորդ շաբաթ անոնք նստացոյց իրականացուցած էին քոնկրեսական Ատամ Շիֆի գրասենեակի մօտ, պահանջելով, որ Շիֆ անձամբ այցեէ միջանցք եւ տեղի իրավիճակը ներկայացնէ Քոնկրեսէն ներս։ Ատամ Շիֆը հանդիպած էր ցուցարարներուն։ Ան նշած էր, որ ճգնաժամը ներկայացնող նամակ պիտի գրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին։