image

Լաչինի հարցով. Քրէմլէն արձագանգ Պլինքընին

Լաչինի հարցով.  Քրէմլէն արձագանգ  Պլինքընին

Ռուսիա, մասնակցելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն, կը շարունակէ տքնաջան եւ բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ երկխօսութիւններուն մէջ:

Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահաի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:

«Ռուսիան, որպէս երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրերու եւ փաստաթուղթերու կողմերէն մէկը, կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները եւ կը շարունակէ չափազանց տքնաջան եւ բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ»- ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Քրեմլինը համերա՞շխ է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած կոչին, որ կը վերաբերի  Լաչինի միջանցքը «անյապաղ» ապաշրջափակելուն: