image

Այդ յայտարարութիւններն անհիմն են․ Ռուբինեանի արձագանգը՝ Հաճիեւի կողմէ Արցախի ժառանգութեան աղաւաղման

Այդ յայտարարութիւններն անհիմն են․ Ռուբինեանի արձագանգը՝ Հաճիեւի կողմէ Արցախի ժառանգութեան աղաւաղման

«Այդ յայտարարութիւններն անհիմն են, չեն նպաստում եւ օգտակար չեն խաղաղութեան համատեքստում»։ Այսկերպ Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւին, որ Արցախի մէջ եւրոպացի դիւանագէտներուն տեղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնն աղուանական ներկայացուցած է։

Սեպտեմբեր 14-ին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանը Ռուբինեանէն հետաքրքրուած է, որպէս խորհրդարանական երկրի խորհրդարանի նախագահ կը պատրաստուի արդեօք դիրքորոշում հնչեցնել, որ Գանձասարը հայկական է, եւ որքանով այս քայլերը կը մօտեցնեն խաղաղութեան հաստատման: Ռուբինեան ի պատասխան նշած է, որ նոր ձեռք բերած խաղաղութիւնը խնամքի կարիք ունի, շատ կարեւոր է զգայունութիւն ցուցաբերել տարբեր հարցերու վերաբերեալ։

«Ձեր մատնանշած յայտարարութիւնները, բնականաբար, չեն նպաստում կամ օգտակար չեն խաղաղութեան համատեքստում, բացի նրանից, որ դրանք նաեւ անհիմն են»,-ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահը։

Ռուբէն Ռուբինեանի խօսքով՝ լաւ է այն փաստը, որ մենք հիմա խաղաղութեան պայմաններու մէջ ենք. «Միւս կողմից լաւ է, որ այն փաստը, որ մենք հիմա խաղաղութեան պայմաններում ենք եւ մեր անհամաձայնութիւնները կամ վէճերը նման հարցերի վերաբերեալ են, այլ ոչ թէ արտայայտւում են սահմանային կրակոցներով կամ բախումներով»,-ըսած է Ռուբինեանը։

Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ՝ երկօրեայ այցով գացած էին Արցախ։ Այցին մասնակցած էին 58 երկիրներու եւ 9 միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական կազմի 150 ներկայացուցիչներ։

Այցի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը դիւանագէտներուն ներկայացնելով հայկական պատմամշակութային կոթողները (այդ շարքին՝ Գանձասարն ու Դադիվանքը) զանոնք որպէս «հին Կովկասեան Աղուանքի» քրիստոնէական ժառանգութիւն կոչած է: