image

Իրան գոհ չէ Ուաշինկթընի արձագանգէն

Իրան գոհ չէ  Ուաշինկթընի արձագանգէն

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսէն Ռեզային յայտարարած է, որ ամերիկացիները արձագանգած են Իրանի ներկայացուցած եօթը պայմաններուն, որոնք կը վերաբերին պատերազմը դադրեցնելուն եւ Հորմուզի նեղուցը բանալուն, սակայն Թեհրան անոնց արձագանգը անբաւարար կը համարէ։

«Մենք ամերիկացիներուն ներկայացուցած ենք եօթը պայման։ Եթէ զանոնք չկատարէք, Հորմուզի նեղուցը ձեր առջեւ պիտի չբացուի, եւ բանակցութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ Ամերիկացիները իրենց պատասխանին մէջ մասամբ համաձայնած են մեր պայմաններուն», յայտարարած է Ռեզային։

Ան նշած է, որ «իրանական դիւանագիտութիւնը փոխուած է, եւ նախկին վիճակին վերադարձ պիտի չըլլայ»։ Միաժամանակ ան յիշեցուցած է, որ Թեհրան Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու երեք փուլ անցուցած է, եւ ամէն անգամ ամերիկացիները լքած են բանակցութիւններու սեղանը եւ յարձակած Իրանի վրայ։

Իրանական կողմը պատրաստ է վերաբանալու Հորմուզի նեղուցը եւ վերսկսելու Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները, եթէ ներկայացուած պայմանները կատարուին։ Անոնց շարքին են՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ծովային շրջափակման դադրեցումը եւ իրանական նաւթի վաճառքի սահմանափակումներու վերացումը։