Ռուսիա, մասնակցելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն, կը շարունակէ տքնաջան եւ բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ երկխօսութիւններուն մէջ:
Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահաի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
«Ռուսիան, որպէս երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրերու եւ փաստաթուղթերու կողմերէն մէկը, կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները եւ կը շարունակէ չափազանց տքնաջան եւ բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ»- ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Քրեմլինը համերա՞շխ է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած կոչին, որ կը վերաբերի Լաչինի միջանցքը «անյապաղ» ապաշրջափակելուն: